Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին՝ Հայաստան-Սփիւռք միասնական ճակատ ստեղծելու առաջարկ

Hushardzan 1ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս իրողութիւն երբեւէ պէտք չէ սպասէ որեւէ կողմի ճանաչման, այլ ողջ մարդկութեան կողմէ պէտք է ստանայ քաղաքական առողջ կեցուածքի դրսեւորում եւ դատապարտում:
Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովին ընթացքին վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կատարած է Եւրոպայի հայերու համագումարի նախագահ Կարօ Յակոբեանը: Խորհրդաժողովին առանցքը հանդիսացած է Հայաստան-Սփիւռք միասնական ճակատի ստեղծումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի սեմին: «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի սեմին Հայաստան-Թուրքիա եւ Սփիւռք-Թուրքիա առնչութիւններու գծով որդեգրուելիք կեցուածքը, գործադրուելիք քաղաքականութեան սկզբունքներու եւ շրջագիծի սահմանները, նաեւ կարմիր գիծերու յստակեցումը անյետաձգելի հրամայականներ են», յայտնած է Կ. Յակոբեան՝ կարեւոր նկատելով փոխհամաձայնեցուած քայլերու առկայութիւնը:
Բացի ատկէ, բանախօսը Հայաստանի պետական համապատասխան կառոյցներուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ լրատուական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն առաջարկած է՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման» փոխարէն գործածել «Հայոց Ցեղասպանութեան դատապատում» եզրը: Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ 1915ի եղելութիւնները Հայոց Մեծ Եղեռի որակման՝ Կ. Յակոբեան նշած է, որ այդ պարագային մեր մօտեցումը պէտք է ուրիշ ըլլայ: «Եթէ հայ ժողովուրդը 1915ի Ցեղասպանութիւնը Եղեռն կ՛անուանէ, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը՝ Հայոց Մեծ Եղեռն, այդ պարագային ոչ թէ անխոհեմաբար պէտք է բողոքել Միացեալ Նահանգներուն, այլ շնորհակալական յայտարարութեամբ հանդէս գալ եւ մեծ լարուածութիւն յառաջացնել Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ», դիտել տուած է Կարօ Յակոբեան:
Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու արդիւնաւէտութեան համար Կարօ Յակոբեան առաջարկած է, որ Հայաստանի համապատասխան մարմիններ աւելի մօտիկ յարաբերութիւններ մշակեն Սփիւռքի մէջ լոպպիստական աշխատանք ծաւալած կազմակերպութիւններուն հետ: Առաջարկած է նաեւ աւելի արդիական դառնալ, չբաւարարուիլ Սփիւռքի ներկայ պաշտօնական յարաբերութիւններով: «Եւրոպայի հայերու համագումարի անունով կը յայտնեմ մեր անվերապահ համագործակութեան պատրաստակամութիւնը՝ յանուն մեր պետականութեան հզօրացման, մեր ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգման, յանուն արդարութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք միասնական ճակատի ստեղծման», իր խօսքը եզրափակած է Կարօ Յակոբեան:
Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է Մարսէյի մէջ՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, նախարարութեան Եւրոպայի բաժնի պատասխանատուներուն, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չետեչեանին եւ հիւպատոսին, ֆրանսահայ համայնքի եւ Եւրոպայի կարգ մը այլ երկիրներու հայ համայնքներու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:

http://asbarez.com/arm/166031/

One response to “Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին՝ Հայաստան-Սփիւռք միասնական ճակատ ստեղծելու առաջարկ”

  1. Mano Arman

    Ays harueamiage oush e arten. Badrasdvetsek hatchort haruramiagin.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ