Ենիգիւղի մէջ ընդվզում` տեղւոյն մուխթարին դէմ

ՄԱՐՄԱՐԱԳիւղապետը յոյներուն դէմ նախատական արտայայտութիւն ունենալով խառնակութիւն ստեղծեց

Քանի մը օրէ ի վեր ձգտեալ վիճակ կը տիրէ Ենիգիւղի մէջ, ուր, Կէզիի հանրապարտէզի ցոյցերէն ետք, ստեղծուեցաւ մզկիթ մը կառուցանելու հարց մը, որուն պաշտպանն է Ենիգիւղի մուխթար (գիւղապետ) Էնկին Ճէվահիրօղլու։ Այս վերջինը միջոցէ մը ի վեր կ՚աշխատի որ Ենիգիւղի մէջ նախապէս փլցուած պատմական մզկիթի մը օրինակով կառուցանէ նոր մզկիթ մը եւ կատաղօրէն կը պայքարի բոլոր անոնց դէմ որոնք այդ մզկիթին կողմնակից չեն։ Մուխթարը կը պնդէ որ այս նոր մզկիթը պատմական արժէք պիտի ունենայ, ուրիշներ ալ կը պատասխանեն որ նոր մզկիթը պատմական չի կրնար ըլլալ։ Այս բոլորէն վերջ անցեալ օր Ենիգիւղի հանրապարտէզին մէջ գումարուեցաւ ֆօրում մը. մուխթարը այդ ֆօրումին մասնակցողներուն վրայ քալեց ըսելով որ «Դուք ինչո՞ւ եկած էք, դուք եկած էք Յոյներուն փէշին կառչելով»: Գիւղապետին այս խօսքերը մեծ ընդվզում յառաջացուցին, մանաւանդ որ հոն կը գտնուէին նաեւ քանի մը յոյներ։ Անկէ վերջ ստեղծուեցաւ մեծ խառնակութիւն, մարդիկ քալեցին իրարու վրայ. մինչեւ իսկ գտնուեցան զէնք քաշողներ։

Այս բոլորէն վերջ Ենիգիւղի մէջ կը տիրէ ձգտեալ մթնոլորտ ու շատերու մօտ ուժեղ զայրոյթ կայ գիւղապետին դէմ։ Փոքրամասնութիւններու Ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որ Ենիգիւղցի Յոյն մըն է, ցաւ յայտնեց ու յիշեցուց որ Ենիգիւղի յոյները միշտ նեցուկ կանգնած են նոյն գիւղապետին, կը նշանակէ որ գիւղապետը կեղծիքներով խաբեր է յոյները, ինք յոյներու թշնամի մըն է։Լաքի Վինկաս դիտել տուաւ որ Ենիգիւղի մէջ արդէն մնացած են հազիւ 45 յոյներ, անոնք ալ տարիքոտ են ու իրենց գերեզմաններն իսկ պատրաստած են, այլեւս յոյներէն վախնալը ժամանակավրէպ վախ մըն է։

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ