«Հրեաները թունաւորեցին Աթաթուրքը»

Atatürk'ün ölümüԱՆԳԱՐԱ.- Թուրք գրող եւ լրագրող Ֆաթիհ Թազճան յայտնեց, որ «հրեաները Թուրքիոյ արդի հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը թունաւորեցին՝ Իսրայէլի պետութեան հաստատման ընդդիմանալուն համար»։

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թազճան օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին թրքական պետութեան պաշտօնատարներէն պահանջած է Աթաթուրքի դիակը անգամ մը եւս դիազննութեան ենթարկել՝ խոստանալով, որ եթէ իր պնդումին հակառակը փաստուի, ապա լրագրութեան ասպարէզը պիտի լքէ եւ իր ինքնութեան թուղթը Մարմարա ծովուն մէջ պիտի նետէ։

Թազճան նշած է, որ Բրիտանիա 1936-ին Իսրայէլի պետութեան հաստատումը յայտարարեց, սակայն Աթաթուրք ընդդիմացաւ եւ յայտնեց, որ ի գին ամէն բանի Իսրայէլի պետութեան հաստատումը պիտի արգելակէ, եւ 1938-ին սպաննուեցաւ՝ հրեաներուն կողմէ թունաւորուելով։

http://asbarez.com/arm/166046/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ