ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը կը հաղորդէ, թէ Թաղային խորհուրդը ստացած է նոր հողամասի մը կալուածաթուղթը )թափու)։ Այս նոր հողամասը, որուն համար երեք տարիէ ի վեր աշխատանք կը տարուէր, ունի 1808 քառակուսի մեթր տարածութիւն։
Թաղային խորհուրդը կը յիշեցնէ, թէ 2009 թուականին արդէն իսկ Թաղային խորհուրդը Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ստացած էր եկեղեցւոյ բնակավայրին, սրահին, խոհանոցին եւ ներքեւը գտնուող չորս խանութներուն կալուածաթուղթերը։ Այդ թուականին հաղորդուած էր, որ աշխատանք պիտի տարուէր նաեւ, որպէսզի ստացուի 1808 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունեցող հողամասի մը կալուածաթուղթը։
Այդ աշխատանքը կը շարունակուէր երեք տարիէ ի վեր եւ այժմ վերջացաւ՝ եկեղեցւոյ ի նպաստ արդիւնքով։ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանին յանձնեց նշեալ հողամասին կալուածաթուղթը։
Թաղային խորհուրդը կը յուսայ, որ այս նոր կալուածը բախտաբեր ըլլայ Պոլսահայ համայնքին համար ու կը հաստատէ, թէ պիտի շարունակէ աշխատիլ Գուզկունճուքի վերականգնումին ի նպաստ։
Leave a Reply