Մինչ ցուցարարներ-ոստիկանութիւն բախումները կը շարունակուին. Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը կը մտադրէ Էրտողանի թեկնածութիւնը առաջադրել նախագահութեան պաշտօնին

Ankara-300x222Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Սուլէյման Սոյլու յայտնեց, որ կուսակցութիւնը մտադիր է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թեկնածութիւնը առաջադրել յառաջիկայ տարի նախատեսուած նախագահական ընտրութեան:

«Թըրքի Թուտէյ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ թուրք ժողովուրդը իր ղեկավար Էրտողանին թիկունք պիտի կանգնի եւ զայն հասցնէ հանրապետութեան նախագահի աթոռին` շեշտելով, որ ինք այն խոր հաւատքը ունի, որ թուրք ժողովուրդը որեւէ ատեն իր ղեկավարը յուսախաբ պիտի չընէ:

Մինչ այդ մայրաքաղաք Անգարայի Քենետի եւ Տիքմեն թաղամասերուն մէջ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան, երբ ցուցարարները փորձեցին մինչեւ Քըզըլայ հրապարակ քայլարշաւ մը կատարել: Ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործեց:

Ատանայի մէջ եւս շուրջ հազար քաղաքացիներ մասնակցեցան Էրտողանի կառավարութեան դէմ ցոյցի մը, սակայն ոստիկանութիւնը բռնի ուժով ցրուեց զանոնք եւ 12 ցուցարարներ ձերբակալեց ոստիկաններուն դիմադրելու յանցանքով:

Թուրքիոյ մէջ գործող «Քոնսենսուս» հետազօտական կեդրոնին կողմէ յունիսի ընթացքին կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուած է, որ Թուրքիոյ մէջ, հակառակ լայնածաւալ ցոյցերուն, եթէ ընտրութիւնները այսօր ըլլային, քաղաքական պատկերը պիտի չփոխուէր: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի ստանար քուէներուն 47.1 առ հարիւրը, իսկ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 30.9 առ հարիւրը:

Էրտողան ամէնէն սիրուած քաղաքական  գործիչը կը նկատուի: Անոր ժողովրդականութեան համեմատութիւնը 41 առ հարիւր է:

Այն հարցումին, թէ զո՞վ կ՛ուզես նախագահ տեսնել, Ապտալլա Կիւլի անունը նշած է հարցախոյզի մասնակիցներուն 34.4 առ հարիւրը, իսկ 26.7 առ հարիւրը այդ պաշտօնին վրայ կը փափաքէր տեսնել Էրտողանը:

http://www.aztagdaily.com/archives/128252

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ