«Օտա-Թի-Վի» կայանի պատասխանը Էսկիշէհիրի ոստիկանին

ՄԱՐՄԱՐԱ«Այո’ բոլորս ալ հայ ենք»

«Օտա Թի-Վի» հեռատեսիլի կայանը արձագանգեց Էսկիշէհիրի մէջ պատահած դէպքի մը, որու ընթացքին ոստիկան մը ցուցարար համալսարանականները նախատեր է` «Ի՞նչ թուրք, դուք բոլորդ ալ հայ էք» ըսելով։

Հեռատեսիլի կայանը սապէս արտայայտուեցաւ.

Էսկիշէհիրի մէջ ոստիկանները կը յարձակին օրերէ ի վեր ցոյց կատարող համալսարանականներու վրայ ու զանոնք կը հետապնդեն մինչեւ իսկ ետեւի փողոցներուն մէջ։ Ժողովուրդը շարունակ կը պոռայ. «Գացէք հոսկէ»։

Իսկ ոստիկանը կը պատասխանէ նախատինքներ տեղացնելով։

Ժողովուրդը կը հարցնէ.

«Դուք թուրք ոստիկան չէ՞ք։ Դուք մեր ոստիկանը չէ՞ք»։

Իսկ ոստիկանին պատասխանը շատ թափանցիկ է։

«Դուք թուրք չէք որ, հայ էք։ Ձեր բոլորին ալ …..»։

Ահա խնդիրը կարճ տողերով։

Հրանդ Տինքի սպանութեան ո՞վ հետեւած էր, ո՞վ ոճրագործին կռնակը շոյած էր, ո՞վ կազմակերպիչները լրատու դարձուցած էր։ Ահաւասիկ այս ոստիկանին ընկերներն էին անոնք։

Մենք ալ հիմա, որպէս «Օտա Թի Վի», կը գոչենք Հայերը նախատող այդ ոստիկանին. «Այո’, բոլորս Հայ ենք, բոլորս Պէշիկթաշի շուկայ ենք, բոլորս չափուլճու ենք։ Բոլորս ալ ճիշդ այն ենք, ինչ որ դուք ամէնէն շատ կ՚ատէք։ Բայց մի’ մոռնաք, որ այս ժողովուրդին մէկ մասնիկն ենք։ Իսկ դուն ո՞վ ես»։

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ