«Չափուլճու» բառը քաղաքական գրականութեան մէջ

«Չափուլճու» բառը որ թալանիչ վատահամբաւ մարդ կը նշանակէ, քաղաքական գրականութեան մէջ ամէնէն գործածական բառը դարձաւ այն օրէն ասդին, երբ վարչապետ Էրտողան անուանեց «Չափուլճու» Կէզի հանրապարտէզի ցուցարարներուն առընթեր Թաքսիմի հրապարակին վրայ սաստկութիւն ի գործ դնողները։ Ցուցարարները սկսան կրել շապիկներ, որոնց վրայ գրուած է «Ես Չափուլճու եմ»։

Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քըլըճտարօղլուն ալ առիթը չփախցուց այս բառը գործածելու։ Երէկ, երբ իբր վկայ կը մասնակցէր Ճէ-Հէ-Փէցի երկու նախկին նախարարներու զաւակներուն ամուսնական պսակի հանդիսութեան, շնորհաւորեց նորապսակ ամոլը ու ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ մեր այս երկու չափուլճու երիտասարդները եւ անոնցմէ կը սպասեմ, որ նոր չափուլճուներ շահեցնեն մեզի»։

Քըլըճտարօղլու թէեւ շատ ծափահարուեցաւ իր այս սրամտութեան համար, բայց պատասխանը չուշացաւ։ Փոխվարչապետ Պիւլէնտ Արընչ երէկ անմիջապէս քննադատեց Քըլըճտարօղլուն ու յիշեցուց որ «Չափուլճու»  բառը պատուաբեր բառ մը չէ, ու սխալ ընթացքի մէջ են անոնք, որոնք կը շահագործեն այս բառը։

Գալով Քըլըճտարօղլուի մասին` Պիւլէնտ Արընչ ըսաւ, որ այս անձը ապագայ չունի, ոչ իշխանութեան գլուխ կրնայ գալ, ոչ ալ վարչապետ կրնայ դառնալ։ Իրականութեան մէջ Թունճէլիի ամէնէն պզտիկ գիւղերէն մէկուն մէջ իսկ զինքը մուխթար չեն ընտրեր։

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ