Մուշի Հայոց պատմական տուներու քանդումի դէմ ստորագրութեան հաւաքի արշաւ

MUŞՄՈՒՇԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՔԱՆԴՈՒՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՈՎԴ ԿԱՆԽԷ:

Այս եկրի մէջ, 1915-ի հաշիւը չի կարենալ հարցաքննելու պատճառաւ,այս օրերին բոլոր հնագոյն ժողովուրդները (Հայերը, Յոյները, Ասորիները) համակարգուած ձեւով կոտորած կ’ապրին: 1915-ին սկսած ցեղասպանութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ որպէս մշակոյթային ու տնտեսական ցեղասպանութիւն: Մուշի մէջ AKP (Արդարութիւն եւ Վերականգման Կուսակցութիւն) անդամներէ կազմուած քաղաքպետարանը հայոց պատմական տուները փլցնելով TOKİ- ին (Զանգուածային բնակարանային տնօրինութիւն) իբր նուէր կու տայ: Ինչպէս բոլորս գիտենք, նպատակը դրամագլուխի մը շահոյթը առաւելագոյն աստիճանի հասցնել եւ միւս նպատակն ալ հաւաքականութեան յիշողութիւնը ոչնչացնելն է: Քեմալականութիւնը կը ցանկանայ հայ ժողովուրդի բնակավայրը եղող այս տարածաշրջանին մէջ անոնց բոլոր հետքերը ջնջել: Այսօր Մուշի մէջ AKP քեմալական ձեւերով կը փորձէ նոյնը ընել: Յատկապէս Մուշի մէջ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը քարոզող BDP (Խաղաղութիւն եւ տէմօքրադական կուսակցութիւն), İHD (Մարդու իրաւունքներու միութիւն), HDK (Ժողվուրդական տէմօքրադական վեհաժողով) եւ շրջակայից կազմակերպութիւնները այս առումով ընելիք շատ գործեր ունին: Եթէ այսօր քեմալական հանրապետութիւնը հայոց պատմական տուները կը թալանէ, օր մըն ալ քուրդ ժողովուրդի տուները գլուխներուն վրայ կը քանդէ: Մշակոյթ մը ոչնչացնելը մարդկութիւնը ոչնչացնել է: Այս պատմական կոտորած մըն է: Յանուն ժողովուրդներու եղբարութեան ու հաւասարութեան դուն ալ քու ստորագրութիւնովդ այս կործանումը կանխէ:

Նատիա Ույկուն
Ռուսթէմ Այրալ
Զէյնէբ Թօզտուման
Տօքթ.Սարգիս Ատամ

http://imzakampanyam.com/MUS-ta-TARIHI-ERMENI-EVLERININ-KATLIAMINA-BIR-IMZA-ILE-DUR-DE-imza-kampanyasi#.UccVGTjO1xk.facebook

2 responses to “Մուշի Հայոց պատմական տուներու քանդումի դէմ ստորագրութեան հաւաքի արշաւ”

  1. Arev Grigoryan

    Ես կողմ եմ ստորագրահավաքին:

  2. Ես կողմ եմ ստորագրահավաքին

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ