«Սարքոզիին օրինակը մի մոռնաք, թուրքիոյ հետ մի զբաղիք»,- ըսած էր Պաղըշ
Թաքսիմի հանրապարտէզի տագնապը իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ, քանի որ մէկէ աւելի օտար երկիրներ ոչ միայն շատ մօտէն հետեւեցան Թաքսիմի ցոյցերուն, այլ նաեւ մեկնաբանութիւններ ըրին ու մտահոգութիւններ յայտնեցին Թուրք իշխանութիւններու կողմէ գործածուած ոստիկանական բիրտ միջոցառումներու առընչութեամբ։ Այս երկիրներէն մէկն ալ գերմանիան էր։ գերման վարչապետ Անճէլա Մէրքէլ անցեալ օր գանգատած էր Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդին դէմ գործածուած ոստիկանական ուժերէն, պնդած էր, որ ոստիկանութիւնը սաստկութիւն կիրարկած էր ցուցարարներուն վրայ։ Ճիշդ այդ օրերուն գերմանիա առարկութիւն ըրաւ Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու շրջագծին մէջ 22-րդ գլուխը բանալու խնդրին, եւ այն տպաւորութիւնն ստացուեցաւ որ գերմանիա այս նոր առարկութիւնը կ՚ընէր Թաքսիմի տագնապի իբր պատասխան։
գերման վարչապետ Մէրքէլի մեկնաբանութիւնը անպատասխանի չէր կրնար մնալ Թուրք դիւանագիտութեան կողմէ, արդարեւ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու աւագ բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ պատասխանեց Անճէլա Մէրքէլին։ Էկէմէն Պաղըշ, որ ընդհանրապէս իր կակուղ բնաւորութեան կարգին շատ խիստ արտայայտութիւններ կ՚ունենայ, այս անգամ ալ բաւական խիստ էր եւ գերման կառավարութեան ներկայացուցիչները ցնցուեցան, յայտնեցին որ դիւանագիտութեան մէջ այսպիսի արտայայտութիւններ անընդունելի են։
Ի՞նչ ըսած էր Էկէմէն Պաղըշ։
Էկէմէն Պաղըշ, յիշեցնելով Մէրքէլի այն խօսքը, թէ Թուրք ոստիկանութիւնը սաստկութիւն գործադրած էր Թաքսիմի ցուցարարներուն վրայ, ըսած էր հետեւեալը.
«Մեծայարգ Մէրքէլ եթէ ընտրական արշաւի շրջագծով ներքին քաղաքականութեան նախանիւթ կը փնտռէ, այդ նիւթը պէտք չէ որ Թուրքիան ըլլայ։ Մէրքէլ պէտք չէ մոռնայ Սարքոզիին օրինակը, որ ասկէ առաջ նմանապէս Թուրքիան գործածած էր իբր ներքին քաղաքականութեան նախանիւթ։ Թուրքիան այն երկիրներէն չէ, որուն դէմ կարելի է այսպիսի վերաբերում ցոյց տալ»։
Էկէմէն Պաղըշ, որ անուղղակի կերպով ըսել ուզած էր, որ վերջին հաշուով կը պատժուի այն քաղաքագէտը, որ Թուրքիոյ դէմ կուգայ, իր այս խօսքերով անախորժ տպաւորութիւն թողուց գերմաններու վրայ։ Պաղըշ այն տպաւորութիւնը թողած էր, որ գերմանիա Եւրոմիութեան բանակցութիւններուն մէջ 22-րդ գլուխի բացումը կը մերժէր Թաքսիմի պատահարներու պատճառաւ։ Պաղըշի խօսքերը պատճառ դարձան, որ գերման Արտաքին նախարարութիւնը իր մօտ հրաւիրէ Թուրքիոյ գերմանիոյ դեսպան Հիւսէյին Ավնի գարսլըօղլուն եւ իր անհանգստութիւնը հաղորդէ Էկէմէն Պաղըշի խօսքերուն կապակցութեամբ։ գերման Արտաքին նախարարութիւնը ըսաւ, որ դիւանագիտական կալուածէն ներս անընդունելի են նմանօրինակ խօսքեր։
Թուրքիոյ Արտաքին նախարարութիւնն ալ կայծակնային արագութեամբ փոխադարձեց ու իր կարգին իր մօտ հրաւիրեց գերմանիոյ Անգարայի դեսպանը։ Դսպանին հաղորդուցաւ Թուրքիոյ անհանգստութիւնը գերմանիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներու առընչութեամբ։
Երէկուան այս իրերայաջորդ զարգացւմներէն ետք գերմանիոյ Արտաքին նախարարութիւնը իր բանբերին միջցաւ հաղորդեց, թէ ճիշդ էր, որ Թուրքիոյ դեսպանը Արտաքին նախարարութիւն հրաւիրուած էր, բայց այդ հրաւէրին գլխաւոր նիւթն էր Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու 22-րդ գլուխի բացման հարցը։ 22-րդ գլուխի հարցը թէքնիք խնդիրներ ունի, այդ մասին է, որ կատարուած էր խօսակցութիւնը, եւ այս հրաւէրը ուղղակի որեւէ կապ չունէր Թաքսիմի անցուդարձերուն հետ, ուստի Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները անհանգստացուցած էին գերման իշխանութիւնները։
Թուրքիոյ դեսպանը գերմանիոյ Արտաքին նախարարութեան մօտ ընդունուեցաւ Արտաքին նախարարի աւագ խորհրդականին կողմէ, քանի որ Արտաքին նախարարը այդ օր կը գտնուէր Ուքրայնա։
Երէկ ուշ ատեն Էկէմէն Պաղըշն ալ յայտարարութիւն մը ըրաւ եւ ըսաւ, որ ցաւով կը տեսնէ, որ մեր գերման բարեկամներէն ոմանք կարգ մը լուսաբանութիւններէ դառնացած են, մինչդեռ մեր լուսաբանութիւնները միշտ եղած են անկեղծութեան մթնոլորտին մէջ եւ ծնունդ կ՚առնեն մեր այն ակնկալութենէն, թէ գերմանացիները գերման-թուրք անցնցելի գործակցութիւնը կը կեդրոնացնեն նաեւ Եւիրոմիութեան հետ բանակցութիւններու գործընթացին վրայ։ Գերման Արտաքին նախարարութիւնը նախապէս գոհունակութիւն արտայայտած էր 22-րդ գլուխի բացման կապակցութեամբ, իսկ այս անգամ այդ մասին ցուցաբերուած վերապահութիւնը ցաւ պատճառեց մեզի, ու անկեղծութիւնը կը պահանջէր, որ մենք ալ արտայայտէինք մեր այդ ցաւը, ըսաւ Էկէմէն Պաղըշ։
http://www.normarmara.com/marmara.htm
Leave a Reply