Եըլտըզ Թէքնիք hամալսարանի դասախօսը ի՞նչ ըսել ուզեց

ՄԱՐՄԱՐԱ«Եթէ հրեայ, հայ կամ յոյն էք, հասկացողոթեամբ կը դիմաւորեմ կէզի պարտէզի ձեր արարքը»

Եըլտըզ Թէքնիք համալսարանի արուեստի բաժնի նախագահ փրօֆ. Ահմէտ Աթան բազմաթիւ շրջանակներու զայրոյթը իր վրայ հրաւիրեց «Թվիթթէր»-ի մէջ Կէզի Հանրապարտէզի դիմադրականներուն դէմ գրելով տգեղ գրութիւն մը։ Ըստ հաղորդուած լուրերու` փրօֆ. Ահմէտ Աթան, քննադատելու համար այն անձերը, որոնք Կէզի Հանրապարտէզը գրաւեցին ու պաշտպանեցին, գրած է հետեւեալը.

«Եթէ հրեայ, հայ կամ յոյն էք, հասկացողութեամբ կը դիմաւորեմ Կէզի պարտէզի արարքներուն մէջ ձեր դեր կատարելը։ Խնդրեմ, ձեր արմատը պրպտեցէք անգամ մը»։

Թվիթթէրի էջերուն մէջ մեծ զայրոյթ յառաջացուց փրօֆ. Ահմէտ Աթանի այս գրութիւնը, որով ան ըսել կ՚ուզէ որ միայն հրեաները, հայերն ու յոյներն են, որ կրնան այսպիսի խառնակիչ դեր կատարել, ուստի անոնք որ այս արարքին մասնակցեցան, թող պրպտեն իրենց անցեալը, չըլլայ, որ անոնք ալ հրեայ, հայ կամ յոյն ըլլան, այնքան որ, Ահմէտ Աթան ստիպուեցաւ ետ առնել իր գրածը։ Բայց նետը անգամ մը արձակուած էր։ Շատեր թվիթթէրի էջերուն մէջ պախարակեցին յիշեալ «ակադեմական»-ը ու զայն ամբաստանեցին ցեղապաշտութեան յանցանքով։ Համալսարանի Տեսչութիւնն ալ լուսաբանութիւն մը ըրաւ ու ըսաւ որ իրենց «Հոճա»-յին թվիթթէրի մէջ գրածները միայն զինքը կը ներկայացնեն, միայն անոր գաղափարները կը ցոլացնեն։

Իսկ Ահմէտ Աթան իրեն դէմ ստեղծուած այս բուռն քննադատութեան դիմաց «Հիւրրիյէթ» թերթին խօսեցաւ ու ըսաւ որ ինք այս գրութիւնը գրած էր պարզապէս որպէս ազդարարութիւն մը, որպէսզի չըլլայ որ կրկնուի այն սխալը, որ գործուեցաւ 1908 թուականին։ «Ասիկա ազդարարութիւն մըն էր, որ ըրի,, որպէսզի մեր երկրին վնաս չպատճառեն այն մարդիկը, որոնք տարբեր նպատակներով իբր պատրուակ կը գործածեն Կէզի հանրապարտէզը ու կ՚աշխատին խառնակութիւն ստեղծել մեր երկրին մէջ»,- ըսաւ ան։ Աւելցուց, որ ինք ոչ մէկը իբր թիրախ ցոյց տուաւ եւ պնդեց, որ բոլոր այս արարքները կը ղեկավարուին միակ կեդրոնէ մը։ Բայց որեւէ բացատրութիւն չտուաւ այն մասին, թէ ինչո՞ւ այս խնդրին մէջ ժխտական մերձեցումով գործածած էր հրեաներու, հայերու ու յոյներու անունները։

http://www.normarmara.com/marmara.htm                                               

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ