ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու ղեկավար Մուրատ Քարայըլան յայտնեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ քիւրտերը Թուրքիայէն դուրս ելլելու գործընթացին մէջ կը գտնուին, Թուրքիոյ բանակը, փոխանակ իր գործողութիւնները մեղմացնելու, ձեռնարկած է աւելի լայն պատերազմի մը պատրաստութիւններուն՝ քիւրտերու մօտ լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացնելով:
«Պետութիւնը, իրականութեան մէջ, Թուրքիայէն դուրս քաշուելու այս գործընթացը կասեցնելու համար ձեռքէն եկած ամէն ինչ կ՛ընէ ու պատերազմի կը պատրաստուի։ Բացայայտօրէն ակներեւ է ատիկա», աւելցուց ան։
Քարայըլան նաեւ ընդվզում յայտնեց այն բանին համար, որ դատարան յանձնուած քիւրտ ձերբակալեալներու արգելափակեալ վիճակը կը շարունակուի՝ ազդարարելով, որ եթէ անոնք ազատ չարձակուին, ապա գործընթացը վտանգի պիտի մատնուի։
Քարայըլան նաեւ յիշեցուց վարչապետ Էրտողանի կողմէ վերջերս «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերուն ընթացքին գործածուած նախադասութիւնը՝ «Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Աթաթիւրքի լուսանկարին քով ահաբեկիչներու ղեկավարին նկարը կը դնէք»։ Քարայըլան ցաւ յայտնեց այս նախադասութեան համար՝ յիշեցնելով, որ վարչապետը տակաւին «ահաբեկիչներու ղեկավար» կ՛անուանէ քիւրտ ժողովուրդի ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանը։
Թուրքիա քիւրտերուն դէմ պատերազմի կը պատրաստուի. Քարայըլան
•
Leave a Reply