Ուաշինկթըն «խորապէս մտահոգ է» Նշանեանի հալածանքով

Սեւան ՆշանեանՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթըն «խորապէս մտահոգ է» Թուրքիոյ մէջ «սրբապղծութեամբ» ամբաստանուած հայ լրագրող Սեւան Նշանեանի դէմ սկսած հալածանքով:
Անսալով Ամերիկայի Հայ Դատի դիմումին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յունիս 7 թուակիր նամակ մը յղած էր՝ բացայայտելով նշեալ մտահոգութիւնը եւ կրկնելով, թէ Ուաշինկթըն պաշտպան կը կանգնի խօսքի եւ կրօնական ազատութեանց: «Բոլոր երկիրներու, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, երկարատեւ կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը կարելի է լաւապէս երաշխաւորել՝ ապահովելով քաղաքացիներու տարրական իրաւունքները, որոնց շարքին են արտայայտուելու, հաւաքուելու եւ հաղորդակցութեանց իրաւունքները: Այս ազատութիւնները կենսական են որեւէ առողջ ժողովրդավարութեան համար», ըսուած է նամակին մէջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ կապի մէջ մնալ Սպիտակ տան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, երաշխաւորելու համար Նշանեանի ապահովութիւնը եւ անոր իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ յիշեցնելով, թէ Ուաշինկթըն լուռ մնացած էր Հրանդ Տինքի հալածանքին նկատմամբ, մինչեւ անոր սպանութիւնը:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Մուհամմատ մարգարէն նախատած ըլլալու յանցանքով, յայտնի հրապարակագիր Սեւան Նշանեան 13.5 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած էր Մայիս 22ին: Ան վճռաբեկ ատեանին դիմելու իրաւունք ունի: Նշանեան յանցաւոր կը նկատուի համացանցային իր կայքէջին վրայ հետեւեալը գրելուն համար. «Ատելութեան յանցագործութիւն չէ ծաղրանքի ենթարկել արաբ ղեկավար մը, որ ասկէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ պնդած է, թէ Աստուծոյ հետ կապ հաստատած է եւ ատկէ քաղաքական, դրամական ու սեռային շահ ապահոված է»:
Նշանեան դատարանի վճիռին մասին ըսած է. «Վճիռը հետեւողական քաղաքականութեան մը արդիւնք է եւ ոչ սովորական դատարանի մը արձակած վճիռը: Կարճ ժամանակի մէջ նմանօրինակ բազմաթիւ դատեր բացուեցան ու բոլորն ալ շուտով վճիռի յանգեցան: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն մը կայ եւ վստահ եմ, որ անիկա կառավարութենէն ծնունդ կ՛առնէ: Այս վճիռը բոլորովին ներհակ է Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանի սկզբունքներուն»:

http://asbarez.com/arm/165344/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ