Հռոմի Պապին հետ իր հանդիպումին մասին զեկուցելով. «Վատիկան հայոց հողային պահանջները քաղաքական սակարկութեան չի դներ» յայտնեց Ներսէս Պետրոս Ժթ. պատրիարք

Մինաս ԳոճայեանՀայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակին հրաւէրով 14 յունիս 2013-ին` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պատրիարքարանի Էշրեֆիէի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս: Լրատուական գրասենեակի պատասխանատու Վարդան վրդ. Գազանճեան իր բացման խօսքին մէջ դրուատեց հայ մամուլի ներկայացուցիչները, որոնք «քաջաբար, զոհողութիւններով, մեծ ջանքերով եւ սակայն հայավայել եռանդով յառաջ կը տանին իրենց առաքելութիւնը»:

Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ զեկուցեց  Հռոմի  Ֆրանչիսկոս պապին հետ վերջերս իր ունեցած հանդիպումին մասին, որուն ընթացքին ան նամակով մը պապէն խնդրած է.

1.- Ապրիլ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակին առիթով  մասնակցիլ  ու նախագահել հայածէս մեծաշուք Ս. պատարագի արարողութեան, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, ներկայութեամբ Վատիկանի մօտ 190 պետութիւններու ներկայացուցիչ դեսպաններու: Առիթ մը, որ համայն աշխարհին կը ծանօթացնէ հայութիւնն ու միջազգային հանգամանք կու տայ Հայոց ցեղասպանութեան:

2.- Այդ առիթով հրապարակել «Առաքելական  յորդոր»  մը, ուր վեր առնուի մեր հայ նահատակներու վսեմութիւնը եւ դատապարտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

3.- Դարձեալ նոյն առիթով վատիկանեան յատուկ դրոշմաթուղթ հրապարակել` նուիրուած  Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակին:

Պատրիարքը դիտել տուաւ, թէ նախապէս ալ, մէկէ աւելի առիթներով, այս հարցը արծարծած է  Հռոմի  նախկին`  Պենետիկտոս ԺԶ. պապին եւ  այժմու Ֆրանչիսկոս պապին հետ, ու անոնք միշտ ալ դրական տրամադրութեամբ խոստացած են ընդառաջել: Պատրիարքը  յիշեցուց, թէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին  նախապատրաստական աշխատանքներուն գծով կազմուած է Կեդրոնական մարմին մը, որ մօտէն կը հետեւի այս հարցին առնչակից բոլոր քայլերուն եւ զարգացումներուն:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ մամլոյ գործիչ, մտաւորական Սարգիս Նաճարեանը, որ  հանգամանօրէն անդրադարձաւ երկու կղերականներուն միջեւ կայացած հանդիպումին: Ան նշեց, որ այդ հանդիպումը զուգադիպեցաւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հաւատարմագիրներու յանձնումին,  նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Ֆրանչիսկոս պապին ուղղուած Հայաստան այցելելու հրաւէրին ու պապին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը  «20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն» յայտարարութեան: Այս բոլորը մեծ աղմուկ բարձրացուցին թրքական շրջանակներու մօտ եւ «փոթորիկ ծագեցաւ» Վատիկան-Թուրքիա յարաբերութեանց միջեւ, յիշեցուց ան` անդրադառնալով հետագայ զարգացումներուն:

Նաճարեան այս առիթով խօսեցաւ այն դէպքերուն մասին, որոնց ընթացքին պապը յուսախաբ ըրած էր Թուրքիան` քննադատելով անոր սխալներն ու թերութիւնները:

Ասուլիսի աւարտին պատասխանելով  «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ` ի՞նչ են Վատիկանի տրամադրութիւնները  Ցեղասպանութեան «ճանաչումէն հատուցում» անցնող հայոց հողային պահանջներուն գծով`  Սարգիս Նաճարեան ըսաւ. «Հայոց հողային պահանջներուն գծով Վատիկան զօրավիգ է ամէն քայլի, որ կ՛առաջադրէ մարդկային ազատութիւն ու արդարութիւն»: Իր կարգին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. յայտնեց, թէ` «Վատիկան նախանձախնդիր է միջամուխ չդառնալու քաղաքական հարցերու մէջ, եւ թէ` նման հարց մը քաղաքական սակարկութեան չի դներ»:

http://www.aztagdaily.com/archives/125697

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ