«Սպարապետութեան 301 յամառութիւնը»

301 maddesi«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի թիրախաւորման եւ սպաննութեան գործընդացը պաշտօնապէս սկսեցնող Թրքական քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածի կիրառումը դեռեւս կը շարունակէ թրքական մամլոյ աշխատակիցներուն սպառնալ:

Թրքական Զինուած Ուժերու (ԹԶՈՒ) գլխավոր շտապի գնդապետ Մուհարրէմ Քէօսէ, Սպարապետութեան անունով դատական հայց ներկայացուց «Թարաֆ» օրաթերթի նախկին աշխատակից Թանժու Էօզքայա եւ թերթի այժմու պատասխանատու ընդհանուր խմբագիր Մուրադ Շեւքի Չոպան-ի դէմ:

ԹԶՈՒ Զինուած Ուժերու զորամասերուն մէջ կասկածելի զինուորական մահերու մասին «Թարաֆ» օրաթերթի խմբագիր Թանժու Էօզքայայի ստորագրութեանբ լոյս տեսած լրատուութեան հիմնուելով դատախազութեան քրէական բողոքագիր ներկայացնող գնդապետ Մուհարրէմ Քէօսէ, պահանջած է թերթի խմբագիր եւ պատասխանատու ընդհանուր խմբագրին դատել 301-րդ յօդուածով:

22 Ապրիլ 2013 թուակիր «Թարաֆ» օրաթերթի մէջ հրատարակուած լրատուութեան մէջ կը նշուէր իբրեւ «ինքնասպանութիւն» ներկայացուող կասկածեալ զինուորական մահի դէպքեր: Լրատուութիւնը կը պարբերէր նաեւ ԹԶՈՒ երկար տարիներ ծառայած նախկին գնդապետներուն տեսակէտները:

«Թարաֆ» օրաթերթը (վաղուայ համարով) կ’անդրադառնայ այս մասին՝ «Սպարապետութեան 301 յամառութիւնը» վերնագիրով հրատարակուելիք նոր լրատուութեամբ:

Նշենք, որ լրագրողներու եւ մտաւորականներու վերաբարեալ ինքնագրաքննութեան եւ պետական պաշտօնական ճնշման հիմք հանդիսացող տխրահռչակ թիւ 301 յօդուածով դատապարտուելու համար նախ պէտք է ստացուի Արդարադատութեան Նախարարութեան յատուկ արտօնութիւնը:

Մարդու իրավունքների միության Ստամբուլի գրասենյակի անդամ Հրանտ Գասպարյանը` հատուկ Akunq.net-ի համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ