Սկովտիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ հանդիպում Հերրի Յակոբեանի հետ

Հերրի Յակոբեան12 յունիսին միջազգային փաստաբան, Բրիտանիոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի միջեկեղեցական հարցերով խորհրդատու Հերի Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին հետ: Հանդիպումը կեդրոնացաւ 14 ապրիլ 2013-ին Սկովտիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումի ապահովման համար կատարուած աշխատանքին վրայ:

Յակոբեան հաղորդեց, որ նշեալ որոշումին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի սկովտիացի քաղաքական գործիչի մը, որ ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումի մը առաջարկը ներկայացուցած է Սկովտիոյ խորհրդարանի եւ Սկովտիոյ ազգային կուսակցութեան անդամ Մարքօ Պիաճիի: Յակոբ Փեսոս եւ Հերրի Յակոբեան ստանձնած են այդ որոշումին որդեգրման համար անհրաժեշտ ստորագրութիւնները հաւաքելու աշխատանքը եւ այդ նպատակին իրագործումը դիւրացնելու համար հարցը ներկայացուցած են իբրեւ բարոյական պարտաւորութիւն: Յակոբեան այն համոզումը յայտնեց, որ որոշումի որդեգրման նպաստող ազդակներէն մէկն ալ սկովտիացիներու Բրիտանիայէն անկախանալու ձգտումն է (այդ ուղղութեամբ 18 սեպտեմբեր 2014-ին հանրաքուէ մը նախատեսուած է. «Ա.»):

Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանը կը մերժէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ, ուստի Սկովտիոյ խորհրդարանը ճիշդ հակառակը կատարելով կու գայ իր տէ-ֆաքթօ անկախութիւնը եւ տէ-ժիւրէ անկախութեան հասնելու ձգտումը ընդգծելու:

Հանդիպումի աւարտին Յակոբեան նշեց, որ թրքական կողմը աշխատանքի մասնակիցներուն սակաւաթիւ ըլլալուն պատճառով տարուող աշխատանքէն անտեղեակ մնաց եւ ինքզինք կատարուած իրողութեան առջեւ գտաւ:

http://www.aztagdaily.com/archives/125138

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ