ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող թիւ 101 մանկապարտէզի համերգային դահլիճը պիտի նորոգուի պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի աջակցութեամբ:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան բացատրած է, որ երգչուհին այդ մանկապարտէզը ընտրած է Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ գործող մանկապարտէզներու ցանկէն. որոշումը տրուած է՝ նկատի ունենալով մանկապարտէզին կառուցուածքային պայմաններն ու յաճախելիութիւնը:
«Որոշեցի իմ կարելիութեանս համաձայն աջակցիլ: Երեխաները կը սիրեմ այնքան, որքան երաժշտութիւնը. ուստի, համադրելով՝ որոշեցի հոգալ մանկապարտէզի դահլիճի նորոգութիւնը», նշած է երգչուհին, որ այս օրերուն Երեւան կը գտնուի եւ այցելած է թիւ 101 մանկապարտէզ: Սեպտեմբեր 2012ին երգչուհին Երեւանի մէջ կազմակերպած էր իր «Սիպիլ» ձայնասկաւառակի բարեգործական վաճառքը՝ նպատակ ունենալով հասոյթը տրամադրել Երեւանի մանկապարտէզներէն մէկուն:
Երեւանի թիւ 101 մանկապարտէզ կը յաճախէ աւելի քան 230 երեխայ:
Leave a Reply