Ուրբաթ, 7 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յայտնի մտաւորական Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքի ներկայացումը` «Ազդակ»-ի մամլոյ 84-րդ լսարանին ծիրին մէջ:
Մամլոյ լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքին աշխատանքը մեծ կարեւորութիւն կը զգենու, մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութիւնը կատարելու եւ պատմաբաններուն ու պրպտողներուն ուսումնասիրութեան համար թարմ ատաղձ տրամադրելու իմաստով:
«Իսկահատեանի հրատարակած հատորները տարիներու վրայ երկարող աշխատանքի ու պրպտումներու արգասիք են: Կը բովանդակեն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու յուշագրութիւններ, որոնք նախապէս լոյս տեսած են օրաթերթերու, ամսագիրներու, պարբերականներու, ինչպէս նաեւ առանձին հատորներու մէջ», նշեց Ժ. Յակոբեան:
«Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան: Դոկտ. Տագեսեան նախ ներկայացուց տարբեր հաւանական բնութագրերը հատորներուն` յայտնելով, որ այնտեղ կարելի է գտնել թէ՛ գեղարուեստական գրականութիւն, թէ՛ յուշագրութիւն յատկապէս:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան խօսեցաւ շփոթի մը մասին, որ կը վերաբերի հատորներու աշխատասիրութեան հիմնական շարժառիթին: Այսուհանդերձ, դոկտ. Տագեսեան հաստատեց, որ հատորները պատրաստողը կարեւոր քայլ առած է Ցեղասպանութեան համապատկերը կամ համահաւաքը կազմելու ուղղութեամբ:
Աւարտին խօսք առաւ նաեւ «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքի հեղինակ Յարութիւն Իսկահատեան, որ իր կարգին ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր ոլորտներու մէջ անդուլ աշխատելու հրամայականին առջեւ է, մինչեւ որ քաղաքական պահը հասուննայ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման առումով:
http://www.aztagdaily.com/archives/124260
Leave a Reply