ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Հիւրրիյէթ», «Նիուզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուրբաթ, յունիս 7 թուակիր նամակով մը պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող Ֆրանսիս պապի յայտարարութեան դէմ, միաժամանակ՝ իր յուսախաբութիւնը եւ դժգոհութիւնը յայտնելով ու Անգարայի մօտ Վատիկանի դեսպանը նախարարութիւն կանչելով:
Յիշեցնենք, թէ 2006ին, երբ Ֆրանսիս պապը Պուէնոս Այրեսի արքեպիսկոպոսն էր, կոչ ըրած էր Թուրքիոյ իշխանութեանց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակին մէջ կոչ կ՛ընէ պապին, որ պատմական հարցերու միջամուխ չըլլայ: Թրքական «Զաման» թերթը նաեւ կը հաղորդէ, թէ Հռոմի պապը փափաք յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կապակցութեամբ Հայաստան այցելելու եւ Երեւանի մէջ հոգեւոր արարողութիւն կատարելու:
Միւս կողմէ, Վատիկանի մօտ Հայաստանի առաջին դեսպան Միքայէլ Մինասեանը, որ յունիս 7ին հաւատարմագիրները յանձնած է պապին, հանդիպման ընթացքին փոխանցած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հայաստան այցելելու հրաւէր: Հռոմի պապը խոստացած է քննել Հայաստան այցելելու կարելիութիւնները:
Թուրքիա զայրացած է Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Պապի յայտարարութենէն
•
One response to “Թուրքիա զայրացած է Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Պապի յայտարարութենէն”
-
Tourkian grgin anakm ke hasdade, vor inke ir nakhninerou jarankortn e. Ays ke nshanake vor touke tche pokhvadz yev tchi pokhvir, vorkan al pokhvi ashkharhe. Genetik hadganish me, voroun hamar arje iren “endrial azk”i garkavidjag dal.
Leave a Reply