Չունքուշի վերջին հայը

ԱսյաՀայոց Ցեղասպանութեան առնչուող «Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ» հատորի հեղինակ Քրիս Պոհճալեան հինգշաբթի, յունիս 6ին ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին մէջ գրած է անցեալ ամիս պատմական Հայաստան կատարած իր այցելութեան տպաւորութեան մասին՝ կեդրոնանալով Խարբերդի եւ Տիգրանակերտի միջեւ գտնուող Չունքուշ գիւղին մէջ «98 կամ 99 տարեկան» վերապրողի մը՝ Ասյայի, հետ իր անակնկալ հանդիպումին վրայ:
Ան կը գրէ, թէ 1915էն առաջ աւելի քան 10,000 հայ բնակչութիւն ունեցող գիւղը ներկայիս գրեթէ ամբողջութեամբ քրտացած է, եւ տեղացիները կը բաւարարուին ըսելով, թէ հայերը պարզապէս հեռացած են այնտեղէն:
Պոհճալեան կը գրէ, թէ Ասյան եւ անոր մայրը գիւղի միւս հայերուն նման չեն սպաննուած, որովհետեւ թուրք զինուոր մը իբրեւ կին առած է Ասյայի մայրը, որուն հետեւանքով, անոնք պարտադրուած են իրենց հայ ինքնութիւնը գաղտնի պահելու պարտադրանքին տակ ապրիլ իրենց ամբողջ կեանքը:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հանդիպած էի անցեալին, ներառեալ՝ իմ մեծ ծնողներուս: Սակայն Ասյայի հետ հանդիպումս տարբեր էր: Ան Ուաշինկթընի, Փարիզի կամ Պէյրութի մէջ չէր: Ան հայկական Սփիւռքին մաս չէր կազմեր, այլ ան մէկն էր, որուն մայրը հասած էր վիհի սեմին, իսկ ինք կը շարունակէր ապրիլ հոն, ուր շատ հաւանաբար իր հայրն ու մեծ ծնողները սպաննուած էին», կը գրէ Պոհճալեան՝ աւելցնելով, թէ «միաժամանակ, ամենատխուր եւ ամենազօրաւոր աչքերը ունեցող» Ասյան շատ բան չէ պատմած իր անցեալին մասին եւ բաւարարուած է միայն հաստատելով այն իրողութիւնը, որ ինք հայ մըն է:
Ամբողջ յօդուածը կարդալու համար, այցելել www.washingtonpost.com/opinions/in-a-turkish-town-that-had-10000-armenians-now-there-is-only-one/2013/06/06/d893197a-c93e-11e2-9f1a-1a7cdee20287_story.html կայքէջը:

http://asbarez.com/arm/164426/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ