Քնեսեթի անդամը՝ կ՛արտայայտուի յօգուտ Ցեղասպանութեան ճանաչման

Զահաւա ԿալոնԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի խորհրդարանի (Քնեսեթ) լիագումար նիստին ընթացքին կայացած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկման կապակցութեամբ, «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը զրուցեց Իսրայէլի «Մերեց» կուսակցութեան նախագահ, Քնեսեթի անդամ Զահաւա Կալոնի հետ:

Կալոն ըսած է, թէ Ցեղասպանութեան հարցը շատ հաւանաբար Կրթական հարցերու յանձնաժողովին կողմէ քննուի եւ թէ աշխատանք կը տարուի կազմակերպելու այս հարցով հանրային բաց քննարկում մը, որուն պիտի մասնակցին մասնագէտներ եւ Իսրայէլի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ան աւելցուցած է, թէ երկու տարի առաջ, երբ նման բանաձեւ մը կը քննուէր, Իսրայէլի կառավարութիւնը վատ յարաբերութիւններ ունէր Թուրքիոյ հետ, «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն դէպքերուն պատճառով, հետեւաբար՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը արտօնեց բաց քննարկումը:

«Պէտք է ըսել, որ հարցը կապուած է քաղաքական նկատառումներու հետ, բայց, ափսոս, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որ պէտք է ճանչցուի Քնեսեթին եւ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ, դարձեալ քաղաքական նկատառումներու նիւթ է: Արդէն հասած է ժամանակը, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը Թուրքիոյ հետ պետական համաձայնութիւն գոյացնէ, հաշտուի անոր հետ ու Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը չօգտագործէ քաղաքական նկատառումներով, այլ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ առանց զայն կապելու Թուրքիոյ հետ ունեցած իր յարաբերութիւններուն»:

Կալոն ըսած է նաեւ, թէ Քնեսեթի նոր խօսնակը եւս կ՛աջակցի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման: «Շատեր կ՛աջակցին ճանաչման, սակայն խնդիրն այն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը համախոհական իշխանութեան օրակարգին վրայ չէ, եւ այս է պատճառը, որ հարցին քննարկումը կ՛ուշանայ: Բայց ես պիտի փորձեմ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին հարցը առաջ տանիլ եւ ձեռնարկել բաց, հանրային քննարկումի, որով պիտի փորձենք համոզել կառավարութիւնը, որ ուշադրութիւն կեդրոնացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վրայ», աւելցուցած է ան:

Կալոն կոչ ըրած է Իսրայէլի հայ համայնքին, որ լոպիական աշխատանքը շարունակէ, մանաւանդ Քնեսեթի նոր անդամներուն հետ, որոնք քիչ տեղեկութիւն ունին այս հարցին մասին:

«Հիմնական պատգամն այն է, որ այսօր, այո՛, Իսրայէլի կառավարութիւնը կը հաշտուի Թուրքիոյ հետ, սակայն ոչ մէկ կապ պէտք է ըլլայ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութեանց եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման միջեւ: Այս մէկը պէտք է ըլլայ բարոյական հարց եւ ոչ թէ պետական շահարկումներու առարկայ», եզրակացուցած է Կալոն:

http://asbarez.com/arm/163970/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ