Իսթանպուլի մէջ արդեն 8 օրէ ի վեր շարունակուող բողոքի ցոյցերու վերաբերեալ ցուցարարները մամլոյ յայտարարութիւն մը հրապարակելով, պահանջեցին վերջ տալ ոստիկանութեան ամեն տեսակ դաժան ուժի կիրառումը: Ցուցարարները յայտարարութեամբ պահանջեցին նաեւ Իսթանպուլի կուսակալ Հիւսէյին Աւնի Մութլու եւ Իսթանպուլի Ոստիկանապետ Հիւսէյին Չափքըն-ի հրաժարականը:
Յայտարարութեան մասին «sesonline.net» գործակալութեան լրատուութեան մէջ կը նշուի նաեւ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու եւ իր կուսակցականները չեն ընդունուած Թաքսիմի ցուցարարներու կողմէ եւ իրենց այցելութիւնը կարճ կտրելով ստիպուած են հեռանալ հրապարակէն:
Յայտարարութիւնէն յետոյ համացանցի մէջ լրատուութիւններ շրջանառութիւն մտած է Իսթանպուլի Ոստիկանապետ Հիւսէյին Չափքընի պաշտօնանկ ըլլալու մասին, բայց տակաւին ճշտուած չէ պաշտօնապէս:
Ցոյցերու մասին յայտարարութիւն մը հրապարակած է նաեւ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը: Կառավարութեան համերաշխութեան կոչ ընող Կիւլէնը յանձնարարած է «հալածանքի դէմ հալածելով պատասխան չի տալ»:
Աղբիւրներով հետեւիլ՝
www.sesonline.net/php/genel_sayfa.php?KartNo=57800
www.f5haber.com/medyaradar/son-dakika-istanbul-emniyet-muduru-huseyin-haberi-3953648
www.haberler.com/fethullah-gulen-den-onemli-aciklama-4690011-haberi
Մարդու իրավունքների միության Ստամբուլի գրասենյակի անդամ Հրանտ Գասպարյանը` հատուկ Akunq.net-ի համար:
Leave a Reply