Թուրքիոյ առանձնաշնորհումներ պէտք չէ տրուին՝ մինչ ան կը շրջափակէ Հայաստանը. Հայ Դատ

Քէյթ ՆահապետեանՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան հինգշաբթի, մայիս 30ին վկայութիւն տուաւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային առեւտուրի յանձնաժողովին առջեւ, Թուրքիոյ հետ առաջարկուած առեւտրական նոր յարաբերութիւնները հաստատելու հարցին շուրջ տեղի ունեցող երկօրեայ քննարկումներուն ընթացքին: Նշենք, որ վերջերս Թուրքիա յատուկ ջանք կը թափէ ներառնուելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան միջեւ ներդրումներու եւ փոխադրական ոլորտի գործընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կ՛ուզէ երկկողմանի պայմանագիր կնքել Ուաշինկթընի հետ, ազատ առեւտուրի շուրջ:
Ամերիկայի յունական հիմնարկը, Ամերիկայի յունական ղեկավարութեան խորհուրդը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցիչին կոչ ըրած են, որ նման համաձայնագիրի մը գոյացման պարագային, իբրեւ պաշտօնական պայման՝ պահանջէ, որ թրքական կառավարութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցնէ Կիպրոսի ապօրինի բռնագրաւումը ու առանց որեւէ նախապայմանի վերացնէ Հայաստանի շրջափակումը՝ անյապաղ վերացնելով առեւտուրի ու ներդրումներու դիմաց եղող բոլոր խոչընդոտները:
Քէյթ Նահապետեան շեշտեց, թէ Թուրքիա աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր շրջափակուած կը պահէ դէպի ծով ելք չունեցող Հայաստանը՝ աւելցնելով, թէ շրջափակումը աւելի խնդրայարոյց կը դառնայ, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ անկէ վնաս կրողները զաւակներն են այն ժողովուրդին, որուն բնաջնջումը փորձուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, որուն ժառանգորդն է ներկայի Թուրքիոյ կառավարութիւնը:
Նահապետեան նաեւ յիշեցուց, թէ Թուրքիան կարելի չէ վստահելի գործընկեր նկատել, որովհետեւ ան յաճախ կ՛անտեսէ միջազգային համաձայնագիրով իր ստանձնած պատասխանատուութիւնները:
Նկատի ունենալով, որ քննարկումը առեւտրական համաձայնագիրի մը կը վերաբերէր, Նահապետեան յիշեցուց, որ 2005ին Եւրոմիութիւնն ու Թուրքիան ստորագրած էին մաքսային միութեան համաձայնագիր մը, որուն պայմանները մինչեւ օրս կ՛ոտնակոխուին Անգարայի կողմէ, որ ոչ միայն կը մերժէ բնականոնացնել Եւրոմիութեան անդամ Կիպրոսի հետ իր յարաբերութիւնները, այլ կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել կղզիին մէկ երրորդը:
Քննարկումին ընթացքին Նահապետեան նաեւ շեշտեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական կապերը սերտացնելու կարեւորութիւնը՝ կոչ ընելով վերցնելու կրկնակի տուրքերու առաջնորդող օրէնքը եւ ստորագրելու առեւտուրն ու ներդրումները դիւրացնող համաձայնագիր մը:
Քէյթ Նահապետեանի վկայութիւնը կարելի է ամբողջութեամբ դիտել՝ այցելելով www.anca.org/press_releases/press_releases.php?prid=2283 կայքը:

http://asbarez.com/arm/163805/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ