ՊՈԼԻՍ.- «Նոր Զարթօնք» խմբակին նախաձեռնութեամբ, չորեքշաբթի, փետրուար 27ին Պոլսոյ Թաքիսմ հրապարակին վրայ կայացած է հաւաք մը, իսկ հինգշաբթի, փետրուար 28ին այլ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) օդուժի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, լուսարձակի տակ առնելու համար Ապրիլ 24, 2011ին սպաննուած Թուրքիոյ բանակի ծառայութիւն կատարող հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճիի հարցին ձգձգման պարագան:
Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, «Նոր Զարթօնք»ը կը շեշտէ, թէ նշեալ հաւաքները կը կազմակերպուին իբրեւ զօրակցութիւն Սեւակի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ դատապարտելու համար այն իրողութիւնը, որ ոճիրէն երկու տարի ետք, ոճրագործը տակաւին կը շարունակէ ազատ մնալ, նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ու փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու եւ այլախոհներու վրայ շարք մը այլ յարձակումերու պատասխանատուները անպատիժ կը մնան:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ մինչ Սեւակը սպաննած անոր զինակիցը ոճիրէն կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուած էր, լրագրողներ, քիւրտ քաղաքական գործիչներ, ուսանողներ, աշխատաւորական միութեան ներկայացուցիչներ եւ այլախոհներ բանտարկուած կը մնան՝ պարզապէս իրենց կարծիքը արտայայտած ըլլալուն համար:
Սեւակ Պալըքճիի հարցով ցոյցեր Պոլսոյ եւ Տիարպեքիրի մէջ
•
Վերջին Յաւելումներ
- Lույս է ընծայվել բացառիկ հրատարակություն՝ «Ատաբազարէն Տէր Զօր» անտիպ հուշագրությունը
- Միրզոյան․ հայ-թրքական ամբողջական կարգաւորումը «ցանկացած պահու» հնարաւոր է
- Ըստ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերն արժանի են գովեստի»



Leave a Reply