Սեւակ Պալըքճիի հարցով ցոյցեր Պոլսոյ եւ Տիարպեքիրի մէջ

Սեւակ ՊալըքճիՊՈԼԻՍ.- «Նոր Զարթօնք» խմբակին նախաձեռնութեամբ, չորեքշաբթի, փետրուար 27ին Պոլսոյ Թաքիսմ հրապարակին վրայ կայացած է հաւաք մը, իսկ հինգշաբթի, փետրուար 28ին այլ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) օդուժի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, լուսարձակի տակ առնելու համար Ապրիլ 24, 2011ին սպաննուած Թուրքիոյ բանակի ծառայութիւն կատարող հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճիի հարցին ձգձգման պարագան:
Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, «Նոր Զարթօնք»ը կը շեշտէ, թէ նշեալ հաւաքները կը կազմակերպուին իբրեւ զօրակցութիւն Սեւակի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ դատապարտելու համար այն իրողութիւնը, որ ոճիրէն երկու տարի ետք, ոճրագործը տակաւին կը շարունակէ ազատ մնալ, նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ու փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու եւ այլախոհներու վրայ շարք մը այլ յարձակումերու պատասխանատուները անպատիժ կը մնան:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ մինչ Սեւակը սպաննած անոր զինակիցը ոճիրէն կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուած էր, լրագրողներ, քիւրտ քաղաքական գործիչներ, ուսանողներ, աշխատաւորական միութեան ներկայացուցիչներ եւ այլախոհներ բանտարկուած կը մնան՝ պարզապէս իրենց կարծիքը արտայայտած ըլլալուն համար:

http://asbarez.com/arm/155165/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ