Անին՝ հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաքը, Հայաստանի մայրաքաղաք հռչակուեցաւ շուրջ 1050 տարի առաջ, Բագրատունի Աշոտ Գ. (Ողորմած) թագաւորին կողմէ։ Ան գոյութիւն ունեցած էր Նոր քարի դարաշրջանէն, ու Միջին դարերուն դարձաւ մշակութային ու տնտեսական կարեւոր կեդրոն մը։ Անին դիմացաւ բազմաթիւ պատերազմներու, յարձակումներու ու պաշարումերու։ Բայց 1131-ի ահաւոր երկրաշարժը աւերակներու վերածեց քաղաքը։ Այսօր UNESCO Անիի աւերակները կը ճանչնայ իբրեւ համաշխարային մշակութային ժառանգութիւն։
Յիշատակելու համար այս կարեւոր յոբելեանը, Գանատայի հայ առեւտրական խորհուրդի Կամար ճարտարապետական-ճարտարագիտական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ ու մասնակցութեամբ Մոնթրէալի հայ մշակութային միութիւներուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութեամբ Քեպէգի Ճարտարապետներու կարգին (Ordre des architectes du Québec), Սէն-Լօրանի Musée des maîtres et artisans du Québec թանգարանէն ներս, 27 փետրուարէն 24 մարտ 2013 տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս մը: Պիտի կազմակերպուին նաեւ դասախօսութիւններ Մոնթրէալի, Թորոնթոյի եւ Օթթաուայի քաղաքներու հայ համայնքային կամ մշակութային կեդրոններուն մէջ։
Պիտի ցուցադրուին հին ու նոր լուսանկարներ, քարտէսներ, գծագրութիւններ եւ բացատրութիւններ՝ երեք լեզուներով, Անիի պատմութեան ու ճարտարապետութեան վերաբերեալ։ Դասախօսելու հրաւիրուած է Դոկտ. փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան՝ տնօրէնը Հայաստանի Ճարտարապետական ազգային թանգարան-ինստիտուտին, որ մեծապէս մասնակից է ցուցահանդէսի պատրաստութեան։ Կը ծրագրուին հայկական վարժարաններու աշակերտներու այցելութիւններ ցուցահանդէսին։
Ահա ցուցահանդէս մը, որ պէտք չէ փախցնել։
Կազմակերպիչ մարմին՝
ԿԱՄԱՐ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու յանձնախումբ
Գանատայի հայ առեւտրական խորհուրդի
գործակցութեամբ հետեւեալ կազմակերպութիւններուն
Գանատայի ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ հայ կրթական եւ մշակութային միութեան
ՍԱՆԱՀԻՆ մասնաճիւղ
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
http://hyetert.blogspot.com/2013/02/blog-post_26.html
Leave a Reply