ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Ռոյթըրզ».- Թրքական լրատուամիջոցներ երկուշաբթի, փետրուար 25ին հաղորդեցին, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ անցնող շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցած քիւրտ երեսփոխանները զինադադարի խոստում մը կրցած են ապահովել: Հակառակ այն իրողութեան, որ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամները ցարդ պաշտօնական յայտարարութիւն մը չեն կատարած, կ՛ըսուի, որ Օճալան դիտել տուած է, թէ ներկայիս պատմական շրջան մը կ՛ապրինք ու ամէն մարդ շատ զգոյշ ու զգայուն պէտք է ըլլայ։ Օճալանի կը վերագրուի նաեւ հետեւեալ նախադասութիւնը. «63 տարեկան եմ եւ կ՛ուզեմ մեռնելէ առաջ հաշտութիւնը տեսնել»։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, թէ պետութեան եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մօտ գերիները պէտք է ազատ արձակուին:
Վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան նշեալ տեսակցութեան ժամերուն կը խօսէր ապագայ հաշտութեան մասին՝ դիտել տալով, որ քիւրտ զինեալները պէտք է ամբողջովին վար դնեն զէնքերը, ապա հեռանան երկիրէն, սակայն առանց յստակացնելու, թէ պետութիւթնը ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ:
Քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշ ըսաւ, որ կուսակցութիւնը այս գործընթացին զօրակցելով՝ չի փափաքիր այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ կը զօրակցի իշխող կուսակցութեան, այլ պարզապէս կը զօրակցի խաղաղութեան ու հաշտութեան։ Ան յիշեցուց, որ իր կուսակցութիւնը միշտ հաւատացած է, թէ քրտական հարցը կրնայ լուծուիլ միայն երկխօսութեամբ, սակայն իշխող կուսակցութիւնը «վերջին 11 տարիներուն շարունակած է ձգձգումի քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր մարդիկ իրենց կեանքը կորսնցուցած են»։
Ըստ թրքական մամուլին՝ Օճալան զինադադար պիտի հռչակէ
•
Leave a Reply