ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹԷՃԵԱՆ
Թուրքիոյ Մարտին քաղաքէն թրքացած հայ մը կը փնտռէ շուրջ հարիւր տարի առաջ Միացեալ Նահանգներ գաղթած իր ազգականները:
Ըստ իր մեծ հօր հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ մեծ հօր երկու եղբայրները եւ այլ ազգականներ Հայոց Ցեղասպանութենէն մէկ կամ երկու տարի առաջ Մ. Նահանգներ գաղթած են: Իրենց ապրած գիւղին անունն է Խարբերդի մօտ գտնուող Հողուլ կամ Հողէ գիւղ (Խարբերդի գաւառակին պատկանող Հողէ կամ Հողի գիւղ), այսօր՝ Էուրթպաշը: Մեծ հօր ընտանիքը գիւղին մէջ ճանչցուած է Մալքիթ կամ Մարքիթ անունով: Կրնայ նաեւ Միւլքիք ըլլալ:
Մեծ հօր անունը, նախքան իսլամացումը, Յակոբ էր: Անոր հօր անունը՝ Պալիոզ: Մօր անունը՝ Օսթիկ կամ Եոսթիկ: Մ. Նահանգներ գաղթած երկու եղբայրներէն աւագին անունը՝ Սարգիս: Սարգիսին կնոջ անունը՝ Մարիամ կամ Միրիամ: Քրոջ անունը՝ Թըմմամ կամ Թեմմամ:
Որեւէ տեղեկութիւն ունեցող ընթերցողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ համացանցային հասցէին՝ ischchan@hotmail.com:
http://asbarez.com/arm/154851/
Leave a Reply