Թուրքիա կ՛ուզէ արագօրէն ամբողջացնել Օճալանի հետ բանակցութիւնները

TBMM BASKANI CEMIL CICEKՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական հարցի լուծման համար Իմրալըի մէջ բանտարկուած Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութիւններն ու նոր Սահմանադրութիւն մը պատրաստելու աշխատանքը Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգի գլխաւոր թեմաներէն են: Առաջինին մասին երկուշաբթի` փետրուար 18-ին, լուսաբանութիւններ կատարուեցան խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի կողմէ, որ հարցազրոյց մը տուաւ «Ռատիքալ» թերթին:

Խօսելով Օճալանի հետ երկխօսութեան մասին՝ Չիչեք ըսաւ, որ այդ առնչութեամբ բոլոր մանրամասնութիւններէն տեղեակ են «առաւելագոյնը հինգ անձեր», որպէսզի բանակցութիւնները վնաս չկրեն կամ ձախողութեան չմատնուին։

Ըստ Չիչեքի՝ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի զարգացումները նկատի ունենալով՝ Թուրքիա չի կրնար երկարել Օճալանի հետ բանակցութիւնները, եւ պայման է, որ շուտափոյթ լուծում մը գտնուի։

http://asbarez.com/arm/154448/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ