Կիրակի, յունուար 20ին, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը հրաւիրած էր Երեւանի պետական համալսարանի ԵՈՒՆԵՍՔՕի Հայ արուեստի պատմութեան ամպիոնի տնօրէն փրոֆ. Լեւոն Չուքասզեանը: Նախքան դասախօսութեան սկսիլը, եկեղեցւոյ փոքր սրահին մէջ ցուցադրուեցան արուեստի նկարներ, որոնք կը յիշեցնէին հաւատաւոր այն հեղինակները, որոնք մագաղաթներ ծաղկեցուցին իրենց տքնաջան ստեղծագործութեամբ:
Սքանչելի հայերէնով, օրուան միակ երիտասարդուհին՝ Դալար Ալեքսանեանը, ներկայացուց յարգարժան դասախօսը, որ բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է: Բանախօսը ներկայացուց հեղինակաւոր տարբեր նկարիչներու գործերը՝ պատշաճ մեկնաբանութիւններ ընելով անոնց մասին:
Արշակ Ֆիթիվճեանի գործերէն ներկայացուեցաւ «Սասունցի կին»ը եւ «Տարազներով հայ կանայք»ը, որոնք կը դրսեւորեն Արշակի տարաբախտ վիճակը, Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ:
Դասախօսութեան ընթացքին միջանկեալ նշուեցաւ, որ այլ նկարիչներ, որոնցմէ մէկն է Սարոյեանը, ողբերգական զգացումներէ տարուած՝ կարծէք իրենց գիտակցութիւնը կորսնցուցած էին Ցեղասպանութեան դէպքերու ցնցումներէն:
Բանախօսը անդրադարձաւ Լեւոն Սերովբէ Քուրքչեանի գործերուն, որոնք զուգահեռ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին: Քուրքչեան գաղտնօրէն նկարած էր մեր տառապեալ, աքսորեալ ցեղակիցները: Ներկայացուեցաւ նաեւ Սարգիս Խաչատուրեանի մասին, որ հազիւ փախուստ տուած ու փրկուած էր Ցեղասպանութենէն, իսկ անոր կտաւները պատկերացուցած են Եղեռնէն փրկուածներու վիճակն ու ապրումները:
Իսկ Յովսէփ Փուշման խոր ու փառահեղ նկարիչին մասին, դասախօսը յիշեց, թէ ան իր գեղարուեստական գործերուն զուգահեռ, իր եղբայրներուն հետ հիմնած էր «Կոչնակ» հայագիտական հանդէսը: Յիշատակելի է նաեւ իր «Յոյս» նկարը, որ նուիրուած է ԱՄՆի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի եւ որ այժմ կը գտնուի անոր տուն-թանգարանին մէջ:
Նկարիչ Վարդան Մախոխեան, որ նկատուած է մեծ ծովանկարիչ մը, իր ողբերգութիւնները նկարագրած է իր բազմախորհուրդ ծովապաստառներուն ընդմէջէն: Անոր գործերուն մէջ թաղուած են մորմոքները, իսկ անոնց կողքին նաեւ՝ կեանքի նկատմամբ անմահ սէրը: Պէտք է յիշել, որ Մախոխեանի ընտանիքը սպաննուած է ջարդարար թուրքերու սուրերով:
Դասախօսը բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Մելքոն Քեբուքճեանի գործունէութեան եւ ի վերջոյ՝ Արշիլ Կորքի Ադոյեանի մասին, նկարիչ մը, որուն մասին համաշխարհային արուեստը կ՛աղաղակէ հիացմունքով. նկարիչ մը, որ վիթխարի ազդեցութիւն ունեցած է ապագայ գեղանկարիչներու վրայ:
http://asbarez.com/arm/154275/
Leave a Reply