Դասախօսութիւն՝ «Հայկական ջարդերը, ազատագրական պայքարը, Ցեղասպանութիւնը եւ հայ նկարիչները» նիւթով

ChoukaszianՀԱՅԿ ԱՐԱՄԵԱՆ

Կիրակի, յունուար 20ին, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը հրաւիրած էր Երեւանի պետական համալսարանի ԵՈՒՆԵՍՔՕի Հայ արուեստի պատմութեան ամպիոնի տնօրէն փրոֆ. Լեւոն Չուքասզեանը: Նախքան դասախօսութեան սկսիլը, եկեղեցւոյ փոքր սրահին մէջ ցուցադրուեցան արուեստի նկարներ, որոնք կը յիշեցնէին հաւատաւոր այն հեղինակները, որոնք մագաղաթներ ծաղկեցուցին իրենց տքնաջան ստեղծագործութեամբ:
Սքանչելի հայերէնով, օրուան միակ երիտասարդուհին՝ Դալար Ալեքսանեանը, ներկայացուց յարգարժան դասախօսը, որ բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է: Բանախօսը ներկայացուց հեղինակաւոր տարբեր նկարիչներու գործերը՝ պատշաճ մեկնաբանութիւններ ընելով անոնց մասին:
Արշակ Ֆիթիվճեանի գործերէն ներկայացուեցաւ «Սասունցի կին»ը եւ «Տարազներով հայ կանայք»ը, որոնք կը դրսեւորեն Արշակի տարաբախտ վիճակը, Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ:
Դասախօսութեան ընթացքին միջանկեալ նշուեցաւ, որ այլ նկարիչներ, որոնցմէ մէկն է Սարոյեանը, ողբերգական զգացումներէ տարուած՝ կարծէք իրենց գիտակցութիւնը կորսնցուցած էին Ցեղասպանութեան դէպքերու ցնցումներէն:
Բանախօսը անդրադարձաւ Լեւոն Սերովբէ Քուրքչեանի գործերուն, որոնք զուգահեռ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին: Քուրքչեան գաղտնօրէն նկարած էր մեր տառապեալ, աքսորեալ ցեղակիցները: Ներկայացուեցաւ նաեւ Սարգիս Խաչատուրեանի մասին, որ հազիւ փախուստ տուած ու փրկուած էր Ցեղասպանութենէն, իսկ անոր կտաւները պատկերացուցած են Եղեռնէն փրկուածներու վիճակն ու ապրումները:
Իսկ Յովսէփ Փուշման խոր ու փառահեղ նկարիչին մասին, դասախօսը յիշեց, թէ ան իր գեղարուեստական գործերուն զուգահեռ, իր եղբայրներուն հետ հիմնած էր «Կոչնակ» հայագիտական հանդէսը: Յիշատակելի է նաեւ իր «Յոյս» նկարը, որ նուիրուած է ԱՄՆի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի եւ որ այժմ կը գտնուի անոր տուն-թանգարանին մէջ:
Նկարիչ Վարդան Մախոխեան, որ նկատուած է մեծ ծովանկարիչ մը, իր ողբերգութիւնները նկարագրած է իր բազմախորհուրդ ծովապաստառներուն ընդմէջէն: Անոր գործերուն մէջ թաղուած են մորմոքները, իսկ անոնց կողքին նաեւ՝ կեանքի նկատմամբ անմահ սէրը:  Պէտք է յիշել, որ Մախոխեանի ընտանիքը սպաննուած է ջարդարար թուրքերու սուրերով:
Դասախօսը բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Մելքոն Քեբուքճեանի գործունէութեան եւ ի վերջոյ՝ Արշիլ Կորքի Ադոյեանի մասին, նկարիչ մը, որուն մասին համաշխարհային արուեստը կ՛աղաղակէ հիացմունքով. նկարիչ մը, որ վիթխարի ազդեցութիւն ունեցած է ապագայ գեղանկարիչներու վրայ:

http://asbarez.com/arm/154275/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ