Ատրպէյճանի մէջ կ՛առաջարկուի ստուգել պաշտօնեաներու «զտարիւնութիւնը»

0214ahmedov1ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ» – Ամէնուրեք «հայկական արմատներ» որոնելու մոլուցքը Ատրպէյճանի որոշ ներկայացուցիչները կը դրդէ անհեթեթ յայտարարութիւններ կատարելու:

Հերթական գլուխգործոցը այս անգամ Պաքուի փոխադրամիջոցներու ցանցի ղեկավար Թագի Ահմետովին կը պատկանի: Սոյն պաշտօնեան, դատապարտելով խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Կիւլար Ահմետովայի գործունէութիւնը, ըսած է, որ անոր «տատիկը հայ եղած է»:

«Օլայլար»-ը կը հաղորդէ, որ Ահմետով աւելցուցած է. «Մենք այնքան բարեացակամ ժողովուրդ ենք, որ նոյնիսկ իմանալով այդ իրողութիւնը՝ անոր առիթ տուած ենք պատգամաւոր դառնալու: Վերջերս ան այնքա՛ն գոռոզացած էր, որ սկսած էր չգալու կուսակցական ժողովներուն, նաեւ վէճեր կ՛ունենար շրջանի ղեկավարին հետ: Ես միշտ ըսած եմ, որ նման երեւոյթներ պիտի շարունակուին, մինչեւ այն ատեն, որ բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները զտարիւն ատրպէյճանցի չեն»:

http://asbarez.com/arm/154085/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ