ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին լրատուական»- Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւոր Վալերի Պուայէն, որուն անունը հայութեան յայտնի է իբրեւ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծի հեղինակ, նախորդ տարուան դեկտեմբերին եւս նման նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ:
Ըստ Փարիզի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեանի՝ օրինագիծը շրջանառութեան մէջ դրուած է այնպէս, ինչպէս ներկայացուած էր 2011-ի հոկտեմբեր 18-ին, եւ նոյն պատգամաւորին կողմէ: Սակայն այսօր Պուայէն ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամ է, եւ անոր կուսակցութիւնը այս օրինագիծը իր կողմէ չէ դրած խորհրդարանի օրակարգին վրայ: Այս հանգամանքները, Վարժապետեանի խօսքերով, կը տկարացնեն օրինագիծը վաւերացնելու հնարաւորութիւնը: Ըստ անոր՝ Պուայէի նախաձեռնութիւնը վաւերացնելու յոյս չկայ:
«Նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտ խոստացած էր, որ Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ խորհրդարան պիտի ներկայացուի Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծ՝ իրաւական լաւ հիմքով, որպէսզի անիկա չբեկանուի Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ: Մենք կը սպասենք կառավարութեան օրինագիծին, զոր խոստացած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, քանի որ իշխանութեան կողմէ առաջարկուող օրինագիծը, վստահաբար, վաւերացուելու աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի: Այդ օրինագիծը, բնականաբար, հայութեան համար շատ աւելի ձեռնտու պիտի ըլլայ»,- պարզաբանած է Հրաչ Վարժապետեան, ըստ որուն՝ նախագահական պալատի օրինագիծը կը մշակուի յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որ կ՛աշխատի հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ միասին: Այդ օրինագիծը խորհրդարան ներկայացնելու թուականը յստակ չէ:
«Մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցը, հաւանական է, որ այդ գործընթացը աւարտած ըլլայ, բայց մինչեւ այս տարուան Ապրիլ 24 ես ոչ մէկ երաշխիք կրնամ տալ: Այս հարցով պէտք չէ շտապել», – նկատել տուած է Վարժապետեան:
http://asbarez.com/arm/154093/
Leave a Reply