Ֆրանսահայերը կը դատապարտեն Լորան Ֆապիւսի յայտարարութիւնը

CCAFԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը համակարգող խորհուրդը (CCAF) խստօրէն դատապարտեց արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի կողմէ փետրուար 12-ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, ուր կը դրուատուէին «Թուրքիոյ բռնատիրական վարչակարգէն եկած դրական ազդանշանները»:
Ֆրանսահայ անկախ լրագրող Ժան Էքիյեանի համաձայն՝ ֆրանսահայութիւնը իր ափսոսանքը կը յայտնէ յատկապէս, որովհետեւ Փարիզ որոշած է համաձայն գտնուիլ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ բանակցութիւնները ընդարձակելու հարցին, մինչ Թուրքիոյ մէջ ազատութիւններու լուրջ խախտումները կը շարունակուին:

«Ֆրանսայի կառավարութեան այս ապշեցնող որոշումը կու գայ այն միջոցին, երբ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու վրայ յարձակումները սաստկացած են: Հայ կանանց սպանութիւնները, քիւրտերու դէմ բռնութիւնները, յունուար 9-ին Փարիզի մէջ երեք քիւրտ գործիչներու սպանութիւնը, որուն ետին կանգած են թրքական յատուկ սպասարկութիւնները, քանի մը օրինակներ են այդ բռնարարքներէն»,- գրուած է յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, թէ Փարիզի այս կեցուածքը կը հակասէ Ֆրանսայի նախագահի դիրքորոշման:

http://asbarez.com/arm/153976/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ