Իտալիոյ Ռիեթի նահանգի քաղաքներէն Քասթել Անճելոյի քաղաքապետարանը շաբաթ, 2 փետրուարին պաշտօնական յայտարարութեամբ եւ մամլոյ ասուլիսով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զանազան անձնաւորութիւններ, խօսք արտասանելով, իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ վերաբերմունքին նկատմամբ: Քասթել Անճելոյի քաղաքապետ Փաոլօ Անիպալտի իր խօսքին մէջ ընդգծած է հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը եւ իր ինքնութիւնը հպարտօրէն պահելու իրողութիւնը:
Հայ համայնքին կողմէ խօսք արտասանած է Ռուբէն Աթարեան: Ան ներկայացուցած է Ցեղասպանութեան զանազան հանգրուանները: Ան իր խօսքի աւարտին կարդացած է նամակ մը` յղուած Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանին կողմէ, որ Հայաստան մեկնելուն պատճառով ներկայ չէր կրցած գտնուիլ ձեռնարկին:
http://www.aztagdaily.com/archives/107054
Leave a Reply