ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի մէկ յանձնախումբը սկսած է քննելու թանգարանի վերածուած Այա Սոֆիա եկեղեցին դարձեալ մզկիթի վերածելու գծով քաղաքացիներու կողմէ ներկայացուած դիմումը: Եկեղեցին կառուցուած է 360ին՝ իբրեւ յոյն ուղղափառներու պատրիարքական տաճար: Օսմանցիներու կողմէ Պոլսոյ գրաւումէն ետք կառոյցը վերածուած է մզկիթի: 1953ին կառոյցը թանգարանի վերածուեցաւ:
Այա Սոֆիան դարձեալ մզկիթի վերածելու դիմում
•
Leave a Reply