Սամաթիոյ զառիվերը

Samatya«Թարաֆ»-ի 27 յունուարի թիւին մէջ սիւնակագիր Գուրթուլուշ Թայիզ «Սամաթիոյ զառիվերը» խորագրեալ յօդուած մը ունէր, որուն խորագիրէն արդէն կը հասկցուէր, որ հոն կը խօսուէր վերջերս յարձակումի ենթարկուած սամաթիացի տարեց հայուհիներուն մասին: Յօդուածագիրը, որ միջոց մը բնակեր է Սամաթիոյ մէջ, կը յիշէ այն զառիվերը, որ կ՛իջնէ դէպի ծովուն մօտերը, բայց հիմա հայ տարեց կիները կը վախնան այդ զառիվերին վրայ քալելու, որովհետեւ ամայի է, եւ որովհետեւ եթէ մէկը յարձակի, չեն կրնար վազել դէպի վեր:

Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ հայ կիները հիմա կը վախնան Սամաթիոյ մէջ, եւ ասիկա կը յիշեցնէ Հրանդ Տինքի կողմէ արտասանուած «Աղաւնիին անհանգստութիւնը»: Հայ կիները մեծ բան մը չեն ուզեր, անոնք կ՛ըսեն. «Ձգեցէք` մեռնինք մեր բնական մահով»:

Հիմա բանավէճի նիւթ դարձած է, թէ Սամաթիոյ յարձակումները կազմակերպութեա՞ն մը կողմէ կը գործադրուին: Բայց ասիկա մեծ տարբերութիւն մը կ՛ընէ՞: Ոստիկանութիւնը այս յարձակումներէն ոչ մէկուն հեղինակը կրցաւ յայտնաբերել ցարդ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնն իսկ կը հետեւի այս դէպքերուն, իսկ Պոլսոյ կուսակալ Հիւսէյին Աւնի Մութլու կրցաւ պնդել, թէ` «այս յարձակումներուն նպատակը գողութիւն է, ցեղային նպատակ մը չկայ մէջտեղը»:

Յօդուածագիրը կը շարունակէ` ըսելով, որ այո, դեռ չենք գիտեր, թէ այս յարձակումները ի՛նչ նպատակով կատարուած են, բայց մեր աչքերուն առջեւ ճշմարտութիւնն այն է, որ հայ երէց կիները իրերայաջորդ կերպով յարձակումի կ՛ենթարկուին: Ասիկա իսկ բաւարար բան չի՞ բացատրեր մեզի: Արդեօք կը մտածուի, որ հայկական սպանդը վեհ գաղափարախօսութեա՞ն մը համար կատարուած է, չէ՞ որ Ցեղասպանութեան շնորհիւ ձեռք դրուեցաւ հայերու ինչքերուն վրայ: Սամաթիոյ մէջ կատարուած այս յարձակումները գողութեան համար կատարուած ըլլան կամ ցեղային պատճառով կատարուած ըլլան, նոյնն են, որովհետեւ կը նշանակէ, որ գողերն իսկ հասկցեր են, որ հաւաքականութեան կողմէ վտարուած այս փոքրամասնութիւնը իրենց համար դիւրին որս մը կը կազմէ:

Յօդուածագիրը ապա անգամ մը եւս կ՛անդրադառնայ խորհրդարանին մէջ ծեծուած հաւասարութեան սկզբունքին եւ դիտել կու տայ, որ քիւրտերուն ու հայերուն համար ալ հաւասարութիւնը կերպով մը կը դառնայ կեանքի ապահովութիւն:

http://www.aztagdaily.com/archives/106586

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ