Տինքի սպանութեան հարցով գաղտնի վկայութիւնը կրնայ վճռական ըլլալ

ՏինքԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պոլսոյ անչափահասներու երկրորդ դատարանը, որ դատավճիռ արձակած էր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի նկատմամբ, Թոքաթ նահանգէն ստացուած հրահանգի մը հիման վրայ գաղտնի վկայի ցուցմունքները լսած է:
Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու տեղեկացուցած է, թէ գաղտնի վկային ու անոր հաղորդած տեղեկութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած՝ վկային ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:
Գաղտնի վկային տուած ցուցմունքը կրնայ փոխել դատավարութեան ընթացքը, որովհետեւ վկան այն համոզումը ունի, թէ Սամասթ գաղտնի խմբաւորման մը անդամ է: «Կրնամ միայն ըսել, որ գաղտնի վկայէն կէս էջնոց վկայութիւն եւ հինգ էջնոց նամակ կցուած է դատական գործին», ըսած է փաստաբանը:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ հինգ էջնոց նամակի մը մէջ վկան նշած է, թէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ կազմակերպուած խմբաւորման մը ձեռքին գործն է, եւ այդ մասին մանրամասն տեղեկութիւններ բացայայտած է:
Վկային ցուցմունքը փոխանցուած է Տինքի սպանութեան գործով դատախազ Մուամմեր Աքքաշին:

http://asbarez.com/arm/153538/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ