Պոլսոյ Պէզճեան վարժարանը կը վերադարձուի Ս. Նշան եկեղեցւոյ

Ասպարեզ օրաթերթՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ հայկական զանազան Թաղային խորհուրդներու կողմէ ներկայացուած դիմումները իրերայաջորդ կերպով դրական լուծում կը ստանան՝ կարեւոր կալուածներ վերադարձնելով համայնքին։

Այս անգամ ուրախ լուրը եկաւ Գարթալէն։ Արդարեւ, Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը երեքշաբթի, փետրուար 5ին տեղեկացուցած է, թէ եկեղեցին վերատիրացած է Պէզճեան վարժարանի շէնքին, որ կը գտնուի 1510 մեթր քառակուսի տարածքով հողամասի մը վրայ։

Այդ վարժարանը բացուած էր 1812ին եւ իր գործունէութիւնը շարունակած մինչեւ 1937 թուական։ 2009ին, Թաղային խորհուրդը շէնքի կալուածաթուղթը ետ ստանալու նպատակով, դատ բացած էր պատկան մարմիններու մօտ։ Յաջորդող հանգրուանին, Վագըֆներու կանոնադրութեան լոյսին տակ, վարժարանի շէնքը Յունուար 10, 2013ին, 850-21 թիւ որոշումով վերադարձուած է Գարթալի եկեղեցւոյ։

http://asbarez.com/arm/153289/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728  

Արխիւ