ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նորագոյն մարդահամարի արդիւնքներուն համաձայն՝ երկիրին ամենաբազմամարդ քաղաքներու բնակչութիւնը շարունակած է աճիլ: Պոլսոյ պարագային արձանագրուած է 1.7 տոկոսով աճ մը՝ բնակչութեան թիւը հասցնելով 13.9 միլիոնի: Աւելցած է նաեւ Անգարայի ու Իզմիրի, Պուրսայի ու Ատանայի բնակչութեանց թիւերը։ Միաժամանակ, բնակչութեան կորուստ ունեցած են Սեւ ծովու առափնեայ քաղաքներէն Սինոփն ու Սամսունը, ինչպէս նաեւ Չորում, Ամասիա Եոզկատ, Սվազ նահանգները։ Բնակչութեան թիւի կրճատումը յատկապէս նկատելի դարձած է արեւելեան նահանգներուն մէջ, ինչպէս՝ Արտահան, Կարս, Արարատ, Մուշ, Էրզրում եւ Բայբերդ (Պայպուրթ):
http://asbarez.com/arm/153242/
Leave a Reply