ՊՈԼԻՍ.- «Ռատիքալ»ի մէջ երկարաշունչ հարցազրոյց մը լոյս տեսած է լեզուաբան ու հրապարակագիր Սեւան Նշանեանի հետ, որուն՝ Մուհամմատ մարգարէի դէմ ուղղուած վերջին խօսքերը մեծ հակազդեցութեան տեղի տուած էին։ Նշանեան վերջերս հրատարակած է «Առիւծով Ճամբան» հատորը՝ որոշ յապաղումով, որովհետեւ առաջին հրատարակիչը ուշացուցած է հրատարակութիւնը։
Թերթը կը յիշեցնէ, թէ Նշանեանի մասնակցութեամբ կատարուած գրեթէ բոլոր հաղորդումները ազդարարութիւն կը ստանան կամ կը պատժուին պետական մարմիններուն կողմէ: Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ ան ըսած է. «Պատճառն այն է, որ անոնք յստակ կերպով կ՛ուզեն առջեւս փակել բոլոր բեմերն ու կայանները, որպէսզի ես չխօսիմ այլեւս»։
Նշանեան ըսած է նաեւ, թէ ինք գրգռիչ մը չէ, այլ պարզապէս՝ ճշմարտութիւններու մասին խօսող մը։ «Երբ կը ստես, մարդոց ջիղերուն վրայ կոխած կ՛ըլլաս, բայց սուտը այս հաւաքականութեան մինչեւ ծուծը թափանցած է: Երբ դուն քեզ սուտէն անջատել կ՛ուզես, ասիկա տարօրինակ կը թուի մարդոց, որոնք քեզի անբնական կը նկատեն», ըսած է Նշանեան՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ կը տիրապետէ սուտն ու վախը։ Ըստ անոր՝ նոյնիսկ Թուրքիոյ ղեկավարները այդ մթնոլորտին մէջ են, որովհետեւ ճշմարտութիւններէն կը վախնան։
Նշանեան նաեւ պատմած է, թէ բազմաթիւ սպառնալիքներ ստացած է, բայց երբ իրեն առիթ տրուի, որ ոեւէ ընդդիմադիրի հետ հինգ վայրկեան խօսի, կը նշմարէ, որ բան մը կը փոխուի դիմացինին մտածումին մէջ։
Leave a Reply