Գլօտ-Արմէն Մութաֆեանի նոր գիրքը. «L՛ARMENIE DU LEVANT (XIe-XIVe siecle)»*

L՛ARMENIE DU LEVANTՄիջին դարուն Արեւելքի մէջ հայկական կարեւոր ներկայութիւնը եւԿիլիկեան թագաւորութեան եւ Մեծ Հայքի պատմութեան անբաժանելիութիւնը

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ Գլօտ-Արմէն Մութաֆեանի նոր աշխատասիրութիւնը կը կոչուի «L՛Armenie du Levant**»: Անիկա կը ներկայացնէ 11-էն 14-րդ դարերու Հայոց պատմութիւնը: Կը բաղկանայ զոյգ հատորներէ:

Մութաֆեան, որ Հայոց կիլիկեան շրջանի լաւագոյն մասնագէտներէն է եւ հեղինակը այդ ժամանակաշրջանին նուիրուած բազմաթիւ գործերու, իր այս նոր գիրքին մէջ Հայոց աշխարհը կը դիտէ ընդհանուր հայեացքով:

Գիրքը լոյս տեսած է Les Belles Lettres հրատարակչութեան կողմէ, 1200 տպաքանակով: Այս գիրքին համար յատկապէս կազմուած են 74 քարտէսներ: Անոր մէջ զետեղուած են բարձրորակ 230 գունաւոր պատկերներ:

Հեղինակը կազմած ու ներկայացուցած է նաեւ Կիլիկիոյ hայոց թագաւորներու եւ անոնց հետ ամուսնական կապերով խնամիացած՝ Միջերկրականի արեւելեան ափերու խաչակիր պետութիւններու, արքայական եւ իշխանական տուներու 84 տոհմածառեր:

Իր այս նոր աշխատասիրութեան մէջ Մութաֆեան, վերեւ նշուած քարտէսներու, գունաւոր պատկերներու, տոհմածառերու, նաեւ ցուցակներու եւ բառարանի օգնութեամբ կը բացատրէ, թէ 1045-ին hայոց վերջին թագաւորութեան անհետացումէն ետք Մեծ Հայքի մէջ ինչպէ՛ս զարմանալիօրէն Հայաստան պիտի ապրէր իր պատմութեան ամէնէն փայլուն ժամանակաշրջանը. արդարեւ, մինչ մէկ կողմէ` իր պատմական հողերէն մաս մը հետզհետէ կ՛ազատագրէր թրքական լուծէն, միւս կողմէ՝ հայկական ինքնավար իշխանութիւններու հոյլ մը ծնունդ կ՛առնէր Միջերկրականի հիւսիսարեւելեան շրջանին՝ Կիլիկիոյ մէջ: Այս համայնապատկերին մէջ գագաթնակէտ մը հանդիսացաւ 1198-ին Հայկական վերջին թագաւորութեան ստեղծումը: Աննախընթաց էր իրավիճակը. մէկ կողմը կար իր հազարամեաայ հողերէն հեռու այս թագաւորութիւնը, եւ անդին՝ անկէ ծնունդ առած իշխանութիւններու հոյլը: Բայց հայաշխարհի այս երկու էութեանց միջեւ կապերը մնայուն էին: Քաղաքական գետնի վրայ անոնք նախ` կը յատկանշուէին փոխադարձ զօրակցութեամբ, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, որ Միջին Արեւելքի մէջ սկսած էին մէկ կողմէն` յայտնուելու Ֆրանկները, իբրեւ հետեւանք խաչակրական արշաւներուն, իսկ քիչ մը աւելի ուշ` նաեւ Ճենկիզ Խանի Մոնկոլները: Մութաֆեան կ՛ըսէ, թէ հայ արքաները, շնորհիւ խելացի դիւանագիտութեան մը, գիտցան լաւագոյնս օգտուիլ այս իրավիճակէն՝ այն աստիճան, որ, 13-րդ դարու կէսերուն, իրենց թագաւորութիւնը դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն հզօր քրիստոնեայ պետութիւնը: Հայերը լատինական պետութիւններու հետ, որոնցմէ որդեգրած էին վարչական բազմաթիւ կէտէր, կրցան հաւասարէ-հաւար յարաբերութիւններ մշակել, որոնց մէջ կարեւոր տեղ մը գրաւեցին նաեւ խնամիական՝ ամուսնական կապերը, մինչ Մոնկոլներու հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ օգտուեցան Մեծ Հայքի իշխաններու փորձառութիւններէն: Այդ շրջանին աննախընթաց կերպով ծաղկեցաւ Հայոց թագաւորութիւնը, հայկական պահանջներուն կամ ձեւերուն պատշաճեցնելով Ֆրանկներու բերած բարիքները` անոնք ըլլան գեղարուեստական, գրական, լեզուական թէ այլ, մինչ միւս կողմէ ալ Մոնկոլներու հետ պահպանուած կապերն ալ թոյլ տուին հեռաւորարեւելեան ազդեցութիւններու մուտք գործելուն:

Տեղատուութիւնը սկսաւ 13-րդ դարու վերջաւորութեան՝ մոնկոլական իշխանութեան տկարացումով եւ լատինականի մուտք գործելով Հայոց անկախ եկեղեցիէն ներս, ինչպէս նաեւ հզօրացումովը եգիպտացի մեմլուքներուն, որոնք Հայոց թագաւորութեան վերջ տուին 1375ին:
Այս գիրքին նպատակն է ցոյց տալ տարբեր՝ քաղաքական, դիւանագիտական, տոհմաբանական, կրօնական, մշակութային երեսակները տուեալ հմայիչ ժամանակաշրջանին, որու ընթացքին Հայերը յայտնուեցան եւրասիական աշխարհի կիզակէտին:
Ամփոփենք: Մութաֆեան իր այս աշխատասիրութեամբ ուզած է ընդգծել յատկապէս երկու երեւոյթ: Նախ այն, որ երբ արեւմտեան պատմագիտութիւնը կ՛ակնարկէ խաչակրութեան, Բիւզանդիոնի, բոլորովին կ՛անտեսէ Հայոց թագաւորութիւնը, կարծէք թէ փոքր, աննշան բան մը ըլլար ան. ինք այս գործով փորձած է ցոյց տալ, որ 13-րդ դարու կէսերուն անիկա ամէնէն հզօր քրիստոնեայ պետութիւնն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Իսկ որպէս երկրորդ կէտ` պատմագէտը ուզած է ընդգծել, որ եթէ ոչ սխալ, գոնէ անբաւարար է Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը եւ Մեծ Հայքը ուսումնասիրել՝ մէկը միւսէն անջատաբար:

***
Նշենք, որ գիրքէն, ընթերցասէր հանրութեան հետ իր առաջին լուրջ հանդիպումին՝ «Շէն»ի տօնավաճառին, վաճառուած է 47 օրինակ, ինչ որ անհերքելի երաշխիք մըն է հրամցուածին որակին՝ հակառակ ծաւալին եւ գինին, որոնք կրնային բացասական ազդակներ հանդիսանալ:

Յ.Կ.

http://asbarez.com/arm/150194/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ