ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ օրակարգի բերած է ընդյատակեայ պետութեան հարցը՝ խօսելով ունկնդրիչ գաղտնի գործիքներու մասին, որոնք անյայտ կողմերու ձեռամբ կը տեղաւորուին զանազան անձերու աշխատասենեակներուն մէջ։ Էրտողան ըսած է, որ իր պաշտօնական աշխատասենեակին մէջ նման երեք գործիքներ գտնուած են՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ ընդյատակեայ պետութիւն կոչուածը բոլորովին մէջտեղէն վերցուած չէ եւ չի կրնար մէջտեղէն վերցուիլ:
«Այս ընդյատակեայ պետութիւնը ժահր մըն է, որ եթէ մարմինին մէջ յարմար միջավայր գտնէ, անմիջապէս մէջտեղ կ՛ելլէ եւ իր ուզածը կ՛ընէ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, թէ պետութիւնը, բնականաբար, պիտի շարունակէ պայքարիլ նմանօրինակ մարմիններու դէմ:
Իր կարգին, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակի նախագահի տեղակալ Ահմետ Այտըն անդրադառնալով վարչապետի սենեակին մէջ գտնուած սարքերուն՝ ըսաւ, որ անոնք ցոյց կու տան, թէ Թուրքիոյ մէջ ընդյատակեայ ուժերու կառոյցը մինչեւ ո՛ւր հասած է։ Ան յայտնեց, թէ կառավարութիւնը վճռականութեամբ պիտի պայքարի հակաժողովրդավարական կառոյցներուն դէմ։ «Յաջողութիւններ արձանագրեցինք եւ այդ կառոյցները ջուրին երես հանեցինք։ Բայց ասոնք սառնակոյտի տեսնուող մասերն են միայն», աւելցուց ան:
Էրտողան կը խօսի ընդյատակեայ պետութեան դէմ պայքարին մասին
•
Վերջին Յաւելումներ
- Քոնկրեսի շէնքին մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին
- Թուրքիան աշխարհում ամենաշատ զենք ունեցող երկրների 10-յակում է
- Հայ դատի 60-ամեակ — բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով



Leave a Reply