Ամերիկայի ծերակուտական Ճոն Քերիի առաջադրումը` արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին, ի շարս այլ լուսարձակներու գրաւած է նաեւ հայկականը, թրքականն ու ազրպէյճանականը: Անմիջապէս ըսենք, որ ռուսական մակարդակի վրայ տեղեկատուական անդրադարձը մինչ այժմ դրական կարելի է նկատել, եթէ նկատի ունենանք ռուսական մամուլի արձագանգումը` ամերիկեան այն տեսակէտներուն, որոնք լաւատեսական նախանիշեր կ՛ուզեն տեսնել Քերիի պաշտօնամուտին մէջ:
Հայկականի պարագային նախ ի հարկէ տեղւոյն քաղաքական կազմակերպութիւններուն, այս պարագային ամէնէն բարացուցական` Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի կատարած շատ արագ արձագանգումն է, որ աչքի կ՛իյնայ դրական շեշտով, լաւատեսութեամբ: Մինչ, հայաստանեան քաղաքական եւ քաղաքագիտական շրջանակներ աւելի զսպուածութիւն կը ցուցաբերեն հետագայ ակնկալիքներ բարձրաձայնելու ուղղութեամբ:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւնը սակայն գերխանդավառութիւն ցուցադրելու եւ լաւատեսական մթնոլորտ տարածելու չի միտիր բնականաբար: Ակնկալիքի եւ պահանջի խնդիրն է, որ լաւատեսական կանխատեսումի հրապարակումին ետին կայ: Ակնկալելու` հետեւողականութիւն, Ճոն Քերիի շարունակ ցուցաբերած ճիշդ դիրքորոշումները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: Տարբեր հանգրուաններուն դրսեւորուած դիրքորոշումի արդարացիութիւնը կը վերաբերի բազմաթիւ բանաձեւերու համաառաջադրումով, Արցախի խնդիրին լուծման աջակցումով, Միացեալ Նահանգներուն նկատմամբ առաջարկուած Թուրքիոյ չաջակցելու պահանջներով, Հայաստանի Հանրապետութեան ապաշրջափակման հրամայականի շեշտումով եւ Սաֆարովի հերոսացումի դատապարտումներով:
Ա՛յս վարքագիծի հետեւողականութեան եւ պահպանման պահանջն է, որ կ՛արծարծուի յիշեցումի եւ ողջոյնի կարգով: Այլապէս, քաղաքական տրամաբանութեամբ պարզ է, որ տարբերութիւններ պիտի երեւան ծերակուտական Քերիի եւ արտաքին գործոց նախարար Քերիի հայկական հարցերու (եւ ոչ միայն հայկական) յայտարարածներուն եւ յայտարարելիքներուն միջեւ` թէ՛ բովանդակային, թէ՛ շեշտադրումներու եւ թէ՛ յաճախակիութեան առումներով: Արտաքին գործոց նախարարը կ՛իրականացնէ պաշտօնական Ուաշինկթընի քաղաքական գիծը, որ մերթ կը զուգահեռուի, մերթ կը խաչուի ներկայացուցիչներու կամ ծերակուտականներու գիծերուն:
Հիմա փորձենք դիտարկել մեր հակառակորդներու հակազդեցութիւնները: Ազրպէյճանական «Քոնթաքթ.ազ»-ն ու «Թուրան»-ը մտահոգութիւն կը յայտնեն Քերիի նախկին յայտարարութիւնները մէջբերելով եւ հայ-ազրպէյճանական տարբեր թղթածրարներու վերաբերեալ Քերիի առնուազն ոչ ազրպէյճանանպաստ, չըսելու համար ուղղակի հակաազրպէյճանական փաստերը մտաբերելով: Ազրպէյճանական կողմը այս պարագային սահմանափակուած է այսքանով: Այժմէն աւելիին դիմելու անհրաժեշտութիւնը չզգար Պաքուն. հասկնալիօրէն:
Եթէ արցախեան հարցով հակաազրպէյճանական յայտարարութիւնները մտահոգութիւն յառաջացուցած են Պաքուի շրջանակներուն մօտ, ապա Ցեղասպանութեան ճանաչման համար բացայայտ եւ հետեւողական կեցուածքները խնամքով անուշադրութեան կը մատնուին Անգարայի կողմէ: «Թուտէյզ Զաման»-ը կը հաղորդէր, որ Անգարան գոհունակութիւն կը յայտնէ Քերիի առաջադրման համար: Այստեղ նշում անգամ չկայ հայկական հարցերուն եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան մասին ամերիկացի ծերակուտականին որդեգրած դիրքորոշումին մասին:
Այս հանգամանքները նկատի ունենալով աւելի քան օրինաչափ է եւ ընկալելի Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւնը: Մոսկուան անուղղակի դրական ուղերձ կը փոխանցէ, Պաքուն զուսպ մտահոգութիւն կը յայտնէ, Անգարան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի թեկնածուն գործնապաշտ որակումով անուշադրութեան կը մատնէ Ցեղասպանութեան հարցը. իսկ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը ողջոյնի տեսքով կը յիշեցնէ եւ կը պահանջէ:
Յամենայն դէպս հայկական կողմը ի յառաջագունէ ժխտական նախատրամադրուելու պատճառներ չունի:
http://www.aztagdaily.com/archives/99830
Leave a Reply