Սէրտար Գայայի Յօդուածը “Թարաֆ”ի ՄԷջ
“Թարաֆ” թերթի քրոնիկագիր Սէրտար Գայա, որ յաճախակի կերպով կ՚անդրադառնայ հայկական հարցերու, երէկուան թիւին մէջ կանգ առած էր ցեղասպանութեան, բայց մասնաւորաբար Հայկական ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ անցեալի ու ներկայի դիրքաւորման վրայ։ Ան կերպով մը պատմականը կ՚ընէր այս խնդրի շուրջ Հանրապետական շրջանէն ասդին ապրուածներուն։ Մեծ նորութիւն մը չկար, բայց հոն կային անգամ մը եւս սրտաբացօրէն կատարուած հրապարակումներ, նաեւ` իրատես վերլուծումներ Թուրքիոյ մէջ այս նիւթի շուրջ զանազան շրջաններուն ցոյց տրուած դիրքաւորման մասին։ Ամէնէն վերջն ալ ան կ՚ըսէր, որ զարմանալի պիտի չըլլար, եթէ օր մը Հայկական ցեղասպանութենէն վերջ կարգը գար Քիւրտերու դէմ ֆիզիքական ու մշակութային գետնի վրայ գործուած ցեղասպանութեան մը պնդումին։ Տեսնենք այդ հետաքրքրական յօդուածը.
Սէրտար Գայա դիտել կուտայ, որ իթթիհատականները 1915-ին Անատոլուի մէջ բնակող հայերու մեծամասնութիւնը տեղահանութեան ենթարկեցին կամ կոտորեցին։ Հազարաւոր տարիներէ ի վեր հոն ապրող հայութիւն մը մէջտեղէն վերցուեցաւ։ Անատոլուի մահմետականները աւելի քան հազար տարիէ ի վեր քով քովի ապրած էին հայերուն հետ, հակառակ ատոր, անոնք շատ շուտ մոռցան հայերը։ Անոնց յիշողութիւններուն մէջէն սրբուեցան հայերը, նաեւ անոնց գիւղերը, եկեղեցիները կամ գործատեղիները։
Հայկական հարցը թուրքերու օրակարգին դարձեալ եկաւ միայն 1973-ին, երբ կարգ մը հայեր աշխարհի ամէն կողմը պաշտօնավարող Թուրք դիւանագէտներուն դէմ սկսան մահափորձեր գործադրել։ Այս մահափորձերուն յաջորդեցին ցեղասպանութեան անվերջանալի պահանջներ, եւ այս բոլորը պատճառ դարձան, որ թուրքերը “յիշեն” հայերու հետ իրենց ունեցած անցեալը։ Բայց ասիկա իրականութեան մէջ “յիշել” ալ չէր։ Որովհետեւ հայկական ինքնութիւնը թուրքերուն համար այլեւս միայն քաղաքական իմաստ մը կը ներկայացնէր եւ այս քաղաքականը միայն թշնամանքի զգացումով կը ձեւաւորուէր։ 1915-ի վերաբերեալ կամ անոր նախորդող շրջաններու դրական կամ ժխտական տուեալները մոռցուած էին։
Ցեղասպանութիւն բառը Համաշխարհային Բ պատերազմէն վերջ ստեղծուեցաւ եւ 1948-ին մաս կազմեց միջազգային իրաւագիտութեան կանոններուն։ Թուրքիա, 1950-ին ՄԱԿ-ի Համաձայնագիրը ստորագրելով, ճանչցած եղաւ ցեղասպանութեան առընչութեամբ կատարուած կարգադրութիւնները։ Այնուհանդերձ տարիներ շարունակ Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկը հետաքրքրուեցաւ այն հարցով, թէ ցեղասպանութիւն հասկացողութիւնը ինչ իմաստ կը ներկայացնէր։ Այս անտարբերութիւնը չփոխուեցաւ 1970 եւ 1980 թուականներուն թուրք դիւանագէտներու դէմ գործուած մահափորձերէն վերջ ալ։ Այս պատճառաւ ալ ցեղասպանութեան մասին բանավէճերու ընթացքին մարդիկ խօսեցան առանց մեծ բան մը գիտնալու ցեղասպանութիւն բառին տարողութեան մասին կամ զայն ընդունելով որպէս պարզապէս սպանդ նշանակող բառ։
Այս կացութեան մէջ իր բաժինն ունէր նաեւ պետութիւնը, որ տեղեկութեան բոլոր աղբիւրները գոցած էր։ Օրինակ` պետութիւնը արգիլած էր Այշէ Նուր եւ Րակըպ Զարաքօլուի Պէլկէ հրատարակչատան կողմէ տպուած “Հայկական թապու” գիրքը` Ֆրանսացի մտաւորական Իվ Թէրնոնի կողմէ գրուած։ Այշէ Նուր Զարաքօլու երկու տարի բանտարկութեան ալ դատապարտուեցաւ այս գիրքը հրատարակած ըլլալուն համար։
Պետութեան այս դիրքորոշման հետեւանքով մարդիկ ստիպուեցան ցեղասպանութեան առջեւ “Սէօզտէ” (այսպէս կոչուած) բառը աւելցնելու։ Առանց այդ Սէօզտէ-ին՝ կարելի չէր ցեղասպանութեան մասին խօսիլ։ 2005-ին Պողազիչի Համալսարանի կողմէ նախատեսուած եւ ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած գիտաժողովին առջեւ ալ արգելք դրուեցաւ։ Թուրքիա 2005-էն վերջ է, որ ցեղասպանութեան մասին խօսիլ սկսաւ իրական ծաւալներու մէջ։
Ինչպէս մարդու իրաւունքներու կապուած հարցեր, ցեղասպանութեան ըմբռնողութիւնն ալ առաւելապէս մշակուեցաւ Արեւմուտքի մէջ։ Թուրքիա միշտ դուրսը մնաց եւ այդ գործընթացով ալ բնաւ չհետաքրքրուեցաւ։ Գիրքեր հրատարակուեցան, շարժանկարի ժապաւէններ կամ փաստանկարներ պատրաստուեցան, ասուլիսներ կազմակերպուեցան։ Թուրքիա միշտ դուրսը մնաց, ու այս պատճառաւ ալ պէտք չէ զարմանալ, որ այսօր իսկ ցեղասպանութեան մասին կը խօսուի շատ մակերեսային մերձեցումով։
Ահա թէ ինչու Թուրքիոյ մարդիկը նախ կը զարմանան, ապա կը զայրանան, երբ Թուրքիոյ առջեւ կը դրուին 1915-ի պատահարները, եւ կ՚ըսուի, որ այս բոլորը ցեղասպանութիւն կը նշանակեն։ Որովհետեւ Թուրքիա ետ մնացած է այս խնդրին մէջ եւ այդպէս ալ մնալ կը շարունակէ։ Ուստի մարդիկ օր մը դարձեալ կրնան շատ զարմանալ ու վերջն ալ զայրանալ, եթէ, օրինակ, օրակարգի բերուի նաեւ Քրտական ցեղասպանութիւն մը Ֆիզիքական կամ մշակութային գետնի վրայ։ Այն ատեն ալ պիտի տեսնենք նմանօրինակ հակազդեցութիւններ։
http://www.normarmara.com/marmara.htm
Leave a Reply