Թուրքիա կ՛ուզէ ոճրագործներէն գանձել Տինքի եղբայրներուն տրուած հատուցումը

Tazminatlar katillerdenՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, իբրեւ հատուցում՝ Հրանդի եղբայրներուն վճարած էր 159,000 լիրա: Նախարարութիւնը այժմ այս գումարը կ՛ուզէ գանձել սպանութեան հեղինակներ Եասին Հայալէն, Օկիւն Սամասթէն, Էրսին Եոլճուէն եւ Ահմետ Իսքենտերէն։ Դատարան մը պիտի ճշդէ, թէ նշեալ չորսէն ո՞վ՝ որքա՞ն պիտի վճարէ։
Տինքի սպանութենէն ետք, անոր երկու եղբայրները՝ Երուանդն ու Խոսրովը, ներքին գործոց նախարարութեան դէմ դատ բացին՝ յայտնելով, որ Հրանդը սպաննուեցաւ նախարարութեան թերացումով եւ պահանջելով 400 հազար լիրայի հատուցում: Դատարանը իրաւացի գտաւ Տինքի եղբայրները, բայց վճռեց, որ նախարարութիւնը վճարէ միայն 100 հազար հատուցում։ Տոկոսներու եւ դատական ծախսերու յաւելումով, այս գումարը հասած էր 159 հազարի, որ վճարուեցաւ նախարարութեան կողմէ:

http://asbarez.com/arm/149772/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ