Թուրք մտաւորականներ կը բողոքեն Ցեղասպանութեան ուրացումը Դանիա հասցնելու ջանքին դէմ

Թուրք Մտաւորականներ Կը ԲողոքենՊՈԼԻՍ, «ԱրմինիընՈւիքլի».- Ինչպէս հաղորդած էինք, դեկտեմբերի սկիզբը Դանիոյ հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն կողմէ ամենաշատ քննարկուող նիւթը դարձած էր «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ սքանտինաւեան արձագանգը» խորագիրով ցուցահանդէսը, որուն իբրեւ հակադարձութիւն՝ Դանիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանը առաջարկած էր Քոփենհակենի Թագաւորական գրադարանին, որ ցուցադրութիւն մը կազմակերպէ նաեւ «Այսպէս կոչուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով:
Հակադարձելով այն տեղեկութեանց, թէ թանգարանը արդէն իսկ որոշած է արտօնել թրքական ցուցահանդէս մը՝ «հաւասարակշռութեան» սիրոյն, խումբ մը թուրք մտաւորականներ, խորհրդարանի նախկին անդամներ եւ քաղաքապետներ նամակ մը յղած են թանգարանին, որ Ցեղասպանութիւնը ուրացող ցուցահանդէսի մը արտօնութիւնը ետ խլէ:
«Մի՛ կենաք Թուրքիան ժողովրդավարականացնելու եւ զայն իր պատմութեան հետ դէմ յանդիման բերելու ջանքերուն» նախադասութեամբ սկսող նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ ստորագրեալները անհանգստացած են նման ցուցահանդէս մը կազմակերպելու նպատակով Թուրքիոյ կառավարութեան տրուած արտօնութենէն՝ պնդելով, թէ սխալ է վճռել, թէ երկու տարբեր տեսանկիւններ գոյութիւն ունին 1915ի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ:
«Պատմութիւնը անկեղծօրէն ընդունիլը անբանակցելի նախապայման է իսկական ժողովրդավարութեան: Թուրքիոյ կառավարութիւնը, վերջին 90 տարիներուն բանեցուած ճնշումներու միջոցաւ, կը փորձէ իրականութիւնները ծածկել, իսկ ուրացման այդ արշաւին զոհ գացած են մեծ թիւով մտաւորականներ, որոնցմէ մէկն էր լրագրող Հրանդ Տինքը: Նման ցուցահանդէսի մը արտօնութիւնը տալով՝ դուք պարզապէս նպաստած պիտի ըլլաք վախի ու ճնշումներու միջոցաւ պարտադրուող ուրացման քաղաքականութեան», գրուած է նամակին մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի, թէ նման քայլ մը, որ պիտի ուշացնէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումը, վնաս պիտի հասցնէ ամբողջ Միջին Արեւելքին, որովհետեւ՝ «Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը խոչընդոտ մըն է Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն»:
Մօտաւորապէս 40 ստորագրեալներուն մէջ կան պատմաբաններ Թաներ Աքչամ ու Հալիլ Պերքթայ, Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պէյտեմիր, նախկին երեսփոխաններ Սըրրը Սաքըք եւ Ուքուֆ Ուրաս, յօդուածագիրներ Այշէ Հիւր եւ Ռոնի Մարկուսլիս, Գերմանիոյ Կանաչ կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր եւ այլ յօդուծագիրներ, դասախօսներ, խմբագիրներ ու մտաւորականներ:
Դանիոյ մտաւորական ու քաղաքական շրջանակներ եւս ընդդիմացած են նշեալ նախաձեռնութեան: Դանիոյ Ժողովրդական կուսակցութեան արտաքին հարցերով խօսնակ Սորէն Էսպերսեն ըսած էր, թէ թրքական առաջարկն անհեթեթ է, որովհետեւ եթէ նման առաջարկ մը ընդունուի, ապա պէտք է արտօնել, որ գերմանացի ազգայնամոլները ցուցահանդէս մը կազմակերպեն Հրէական Ողջակիզման մասին:
Դանիացի նշանաւոր ցեղասպանագէտ Մաթիաս Պէօնելունտ եւս ակնարկած է, որ եթէ թոյլ տրուի Թուրքիոյ դեսպանատան նախաձեռնութեան, ապա Թագաւորական գրադարանը՝ որպէս գիտական հաստատութիւն, պիտի հաւասարեցնէ պատմական այս իրադարձութեան նկատմամբ հայկական եւ թրքական դիրքորոշումները, մինչ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է, եւ այդ մասին որեւէ այլ մեկնաբանութիւն գիտական չի կրնար ըլլալ:

http://asbarez.com/arm/149468/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ