ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Զաման» թերթին մէջ Քլարք համալսարանէն Իւմիտ Քուրթի ստորագրութեամբ հրատարակուած է յօդուած մը, որուն մէջ կը խօսուի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ու Սուրիոյ հայերուն մասին։ Յօդուածագիրը կը նշէ, որ թէեւ սուրիահայերուն մէջ կան նախագահ Պաշշար Ասատի ընդդիմացողներ, բայց անոնք կը վախնան, որ Ասատի իշխանութեան տապալման պարագային իշխանութեան գլուխ կրնայ անցնիլ սիւննի իշխանութիւն մը, որ աւելի խիստ վերաբերում կրնայ որդեգրել հայերուն նկատմամբ։ Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ հայերը Օսմանեան շրջանին աքսորուեցան դէպի Սուրիա, եւ սակաւաթիւ վերապրողներ Սուրիոյ մէջ կայք հաստատեցին, «իսկ այսօր Սուրիոյ բնակչութեան 8-10 տոկոսը հայ է»։ «Այժմ հայերը դարձեալ վտանգուած կը զգան: Պէտք է ընդգծել, որ այս վախը իբրեւ հիմ ունի այն դէպքերը, որոնք 1915ին հայ ժողովուրդը մեծ անիրաւութեան մը ենթարկեցին։ Մինչեւ այսօր, հայերը Ասատի վարչակարգը կը տեսնէին իբրեւ ապահովութիւն մը սիւննի մեծամասնութեան ներկայացուցած վտանգին դէմ։ Այսօր Ասատի ընդդիմադիրները աւելի զօրաւոր ըլլալ կը թուին, ու հայերն ալ որոշ փոփոխութեան ենթարկած են Ասատի նկատմամբ իրենց մօտեցումը։ Բայց կարելի է ըսել, որ հայերը ընդհանրապէս անկողմնակալ կեցուածք նախընտրած են։ Այս խառնակ կացութեան դիմաց բազմաթիւ սուրիացիներ կը հաւատան, որ արտաքին երկիրներ բնաւ նկատի պիտի չառնեն Սուրիոյ շահերը, եւ միջամտութիւններ պիտի ընեն ի վնաս տեղացիներուն։ Շշուկներ կը շրջին հոն այն մասին, թէ բազմաթիւ ընդդիմադիրներ Թուրքիոյ մէջ կը մարզուին ու Սուրիա կը ղրկուին։ Հայերը շատ կը վախնան, որ Ասատի անկումէն ետք սիւննիներու աւելի խիստ վարչակարգ մը գործի գլուխ կու գայ։ Որքա՛ն ալ ընդդիմադիրներու Ազատ բանակի հրամանատարները յայտարարեն, որ քրիստոնեաներու նկատմամբ ատելութիւն չունին, պէտք չէ մոռնալ, որ ընդդիմութիւնը, իր կարգին, միատարր չէ», կը գրէ Քուրթ ու կ՛աւելցնէ. «Թուրքիա պէտք է նկատի առնէ Սուրիոյ ժողովուրդի այլազանութիւնը՝ ցեղային, կրօնական ու դաւանանքի տեսակէտէն։ Որպէսզի այս քաղաքականութիւնը համոզիչ ըլլայ, եւ Թուրքիա սուրիահայերուն վստահութիւնը շահի, Անգարա պէտք է քաջութեամբ բանավէճի դիմաց բանայ 1915ի պատահարները եւ երես առ երես գայ անոնց հետ։ Այս տեսակէտէն՝ Թուրքիա այլեւս պէտք է լուծէ այն հարցերը, որոնք անիմաստ կերպով կը սահմանափակեն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտները. այս հարցերու կեդրոնին վրայ առկայ են Հայաստանն ու հայերու հետ կապուած հարցերը։ Բայց Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցը տակաւին մէկն է այն հարցերէն, որոնց մասին վիճաբանիլը դիւրին չէ. անոնք թապու մը կը ներկայացնեն։ Ճիշդ է, որ համաշխարհային յարաբերութիւններու մէջ հիմնականը երկիրներու շահն է, բայց այս հարցին մէջ Թուրքիա պէտք է անտեսէ այս սկզբունքը եւ պէտք է շարժի աւելի մարդասիրական մերձեցումով, որովհետեւ պէտք չէ մոռնանք, թէ Թուրքիա խղճմտանքի պարտք մը ունի հայերուն նկատմամբ», կ՛եզրակացնէ ան։
Սուրիահայերը սիրաշահելու համար Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի վրայ դնելու կոչ կ՛ըլլայ Անգարայի
•
Leave a Reply