Պահպանենք մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները

Ռոպէր ՀատտէճեանՌոպէր Հատտէճեան

Բաւական երկար միջոցէ մը ի վեր բան մը խանգարուած ըլլալ կը թուէր մեր համայնքէն ներս։ Խումբ մը անձեր, որոնք մեծամասնութեամբ յայտնի դէմքեր չէին համայնքէն ներս, սկսած էին պայքար մղել Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդին դէմ եւ կը ջանային մասնակցիլ Պէյօղլուի ընտրութիւններուն, տապալել այժմու Թաղականութիւնը եւ անոր տեղ ձեռք առնել Պէյօղլուի գործերը։ Բայց տրուած ըլլալով որ այդ անձերը Պէյօղլուի բնակիչ չէին, անոնց այս գործելակերպը բեկանուեցաւ դատական իշխանութիւններու կողմէ, Պէյօղլուի ընտրութիւնները մտան անելի մէջ, քանի մը անգամ ձգձգուեցան եւ այսօր ալ տակաւին յայտնի չէ թէ դատարանը ինչ վճիռ պիտի արձակէ այդ մասին։
Պէյօղլուի դէմ այս արշաւը միայն իրենք զիրենք Դեղին ցանկ կոչած այս խմբակին գործը չէ, մեր թաղերէն մէկ երկուքն ալ դրօշակիրը կը հանդիսանան Պէյօղլուի դէմ այս արշաւին եւ քարոզչութիւն կը կատարեն, որպէսզի մեր թաղային ընտրութիւններուն համար նոր կանոնագրութիւն մը պատրաստուի, եւ ընտրութիւնները բացուին ամբողջ Իսթանպուլի տարածքին։ Այսինքն Պէյօղլուի Թաղային խորհուրդի անդամները ընտրուին ոչ թէ միայն Պէյօղլուի բնակիչներուն կողմէ, այլ Իսթանպուլի բոլոր թաղերուն կողմէ։ Եւ նոյնը՝ բոլոր թաղերուն համար։ Այլ խօսքով, Թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններն ալ կատարուին Համայնքային հինգ հաստատութիւններու համար եղած ընտրութեան ձեւով։ Եթէ այսպիսի կանոնագրութիւն մը ընդունուի, Թաղային խորհուրդները այլեւս պիտի դադրին “Թաղային” բառը արդարացնելէ եւ պիտի դառնան “Համայնքային” Խորհուրդ։

Եթէ հարցուի թէ ինչո՞ւ Պէյօղլուի դէմ ստեղծուած է նմանօրինակ պայքար մը, յայտնի է որ խնդիրը նիւթական է։ Եթէ սխալ չենք գիտեր, Պէյօղլուն մերժած է կարգ մը թաղերու օգնել, եւ այդ թաղերը սկսած են գործել Պէյօղլուին դէմ։ Եւ որոշ ժամանակէ մը ի վեր նոր գրականութիւն մը մէջտեղ նետուած է։ “Համայնքին կալուածներն ու ինչքերը միայն Թաղային խորհուրդի մը չեն պատկանիր, ամբողջ համայնքին կը պատկանին, ո՜չ մէկը համայնքին ապրանքները իրեն պահելու իրաւունք ունի, ո՜չ մէկը երկար տասնամեակներ աթոռի մը կառչելու իրաւունք ունի, պէտք է ճամբայ բացուի նորերու ալ, Պէյօղլուի Թաղային խորհուրդը իր պարտականութիւնը լաւ չի կատարեր”, եւ այսպիսի պնդումներ։

Մեզի համար ցաւալի է տեսնել որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան, որ անցումի շրջանի մը պատասխանատուութիւնը ստանձնած է եւ պէտք է կարելի չափով խուսափի անցումի այդ շրջանի ընթացքին բախտորոշ կամ ճակատագրական որոշումներ ընդունելէ, փոխանակ զսպելու այս թշնամական ելոյթները, եւ հաւատարիմ մնալու մեր ազգային աւանդութիւններուն, ընդհակառակը, կ’ընդունի խնդիր յարուցանողներու տեսակէտը, եւ հիմա ան ալ կողմնակից ըլլալ կը թուի ընտրութիւնները Իսթանպուլի տարածքին բանալու առաջարկին։ Անցեալ շաբաթ Պատրիարքարանի մէջ կայացած համայնքային ժողովը բացայայտ կերպով ցոյց տուաւ որ Արամ Սրբազան կը մտածէ թէ այս խնդիրը ի հիմանէ պիտի լուծուի եթէ ընտրութիւնները բացուին ամբողջ Իսթանպուլի տարածքին։

Այսօր, երբ համայնքէն ներս մէկ երկու թաղեր նիւթական բաւարարութեան տիրացան եւ սկսան օգնել ուրիշ թաղերու ալ, ոմանք հաւանաբար ինկան այն սխալ համոզումին մէջ թէ դրամ ունեցողը իր դրամը անպայման պէտք է տայ դրամ չունեցողին։ Ասիկա առողջ կեցուածք չէ։ Թէեւ բոլորս ալ գիտենք թէ ունեւոր թաղերը պէտք է օգնեն չունեւոր թաղերուն եւ ասիկա արդէն ընդհանրապէս կը կատարուի, բայց այս մարզէ ներս անիշխանական մթնոլորտ մը պէտք չէ ստեղծուի, մեր թաղերը իրաւունք չունին սա կամ նա թաղի պատասխանատուներուն թշնամանալու՝ պարզապէս անոր համար որ իրենց պահանջած օժանդակութիւնը չէ եկած։ Անգամ մը որ սկսինք օրինաւոր նկատել այդ թշնամանքը, անկէ վերջ այս համայնքը ամբողջովին կը քայքայուի։

Հոս կարելի է յիշել նաեւ Օրթագիւղի պարագան։ Օրթագիւղը վերջին տասը տարիներու ընթացքին յանկարծ դարձաւ շատ նախանձելի թաղ մը։ Կրնանք ենթադրել որ այսօր կան բազմաթիւ ազգայիններ, որոնք պիտի ուզէին ստանձնել Օրթագիւղի ղեկավարութիւնը, այդ պատճառաւ ալ Օրթագիւղի եւս ընտրութիւնը բանալ Իսթանպուլի տարածքին։ Բայց տասը-տասնըհինգ տարի առաջ ո՞ւր էին անոնք, տասը-տասնըհինգ տարի առաջ, երբ մինչ մեր բոլոր հաստատութիւնները կալուածներ կը կորսնցնէին դատական որոշումներով, Օրթագիւղի թաղականները իրենց կորսնցուցած կարգ մը կալուածները կը յաջողէին ետ առնել։

Նախ խօսինք Արամ Սրբազանին կողմէ ալ պաշտպանուած այն տեսակէտին մասին, ըստ որու կարգ մը թաղականներ իրաւունք չունին երեսուն տարի կառչելու իրենց աթոռներուն։ Անոնք որոնք այս տեսակէտը կը պաշտպանեն, կ’երեւի թէ լուր չունին, կամ մոռցած են, որ այդ երեսուն տարի առաջուան շրջանին մոմով կը փնտռուէին այն անձերը որոնք տէր պիտի կանգնէին անտէր մնացած մեր համայնքային հաստատութիւններուն։ Աղաչելով պաղատելով է որ ազգայիններ կը համոզուէին ու պաշտօններու կը կոչուէին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ սնտուկները պարապ էին, դրամ չկար, թաղերու գործերը շատ դժուար էին, բնաւ ալ նախանձելի շարժում չէր ստանձնել այդ պարապ սնտուկներով գործ տեսնելու բարեացակամութիւնը։ Հիմա որ սնտուկները այդ գործիչներուն բարի ու իմաստուն աշխատանքին շնորհիւ լեցուեցան, պատշա՞ճ է որ զանոնք նախատենք “Ալ կը բաւէ, հեռացէք այս աթոռներէն եւ այդ աթոռները մեզի ձգեցէք” ըսելով։ Ի՞նչ տրամաբանութեամբ կրնանք ըսել որ անոնք իրենց պարտականութիւնը լաւ չեն կատարեր, եթէ անոնք թաղը հասցուցած են փայլուն վիճակի մը։ Պէյօղլուն այսօր այն թաղն է որ Էսաեանի նման դպրոցի մը համար Սիրոյ Սեղան սարքելու եւ ժողովուրդէն դրամ հաւաքելու պէտքը չի զգար։ Մնաց որ այսօր ալ տակաւին ինչ ինչ նուիրական հաստատութիւններ ունինք որոնց սնտուկը պարապ է։ Ինչո՞ւ որեւէ մէկը աչք չունի այդ հաստատութիւններու վարիչներու աթոռներուն վրայ, ինչո՞ւ Պէյօղլուի դէմ եկողները, “Կը բաւէ, ղեկը քիչ մըն ալ մեզի ձգեցէք” չեն ըսեր, օրինակ, Գալֆաեան տան խնամակալներուն կամ այլ աղքատիկ թաղերու պատասխանատուներուն, որոնք կ’աշխատին մեծ զոհողութեամբ, եւ որոնք այնքան պէտք ունին սրտակից օժանդակութեան։

Ընտրութիւնները ամբողջ Իսթանպուլի տարածքին բանալու առաջարկը ո՜չ միայն բարենպատակ առաջարկ չէ, այլ նաեւ շատ վտանգաւոր ու խնդրայարոյց առաջարկ է։ Կը զարմանանք որ Արամ Սրբազան այսքան դիւրութեամբ կը հաւանի այսպիսի առաջարկի մը։ Կարելի՞ է որ այժմէն չկարենանք տեսնել թէ ինչպիսի ահաւոր նոր կռիւներ ու համայնքային շրջանակներու միջեւ թշնամութիւններ պիտի ստեղծուին, եթէ նմանօրինակ որոշում մը ընդունուի։

 

Ժամանակին ընտրական շրջանակը ընդլայնելու մասին մտածուեցաւ միայն Պէյքօզի, Գուզկունճուքի, Գանտիլլիի նման թաղեցի չունեցող քանի մը եկեղեցիներու առընչութեամբ։ Այսօր ալ եթէ կարգ մը թաղեր առանց թաղեցիի մնացած են, անոնց համար ընտրութեան շրջանակը կարելի է ընդարձակել զանոնք քանի մը դրացի թաղերու կապելով, բայց ոչ թէ ամբողջ Իսթանպուլի տարածքին բանալով։ Եւ աւելորդ է ըսել որ շրջանակի այսպիսի ընդլայնումի մը նպատակը պէտք է ըլլայ օգնել այդ թաղին, այլ ո՜չ թէ աչք դնել այդ թաղին ունեցած ինչքերուն ու նիւթական կարելիութիւններուն վրայ։

Տասնամեակներ շարունակ սպասեցինք ու մաղթեցինք որ մեր թաղերը տիրանան նիւթական լաւագոյն պայմաններու ու աւելի հանգիստ հոգեվիճակով կատարեն իրենց նուիրական պարտականութիւնը։ Հիմա որ մասամբ սկսած է իրականանալ մեր այդ ակնկալութիւնը, այդ բարելաւումը չարի՞ք մը պիտի դառնայ համայնքէն ներս, թաղերու միջեւ կռի՞ւ պիտի սկսի։ Աստուած չընէ։ Այս համայնքը տասնամեակներ շարունակ կանգուն մնաց համայնքային գործերը ստանձնողներու անձնազոհ ու կուշտ նուիրումներուն շնորհիւ։ Այս աւանդութիւնը պէտք չէ խանգարուի։ Եւ այս աւանդութիւնը պաշտպանելու պարտականութիւնը ամէնէն առաջ կը դրուի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշն. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ուսերուն վրայ։ Ուստի Արամ Սրբազանէն խոնարհաբար կը խնդրենք որ անգամ մը եւս մտածէ այս խնդիրներուն մասին եւ իր հեղինակութիւնը գործածէ մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները ամէն գնով պահպանելու ուղղութեամբ։

Ռ. Հ.

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2012
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ