ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ասորիները, որոնք վերջին տասնամեակներու ընթացքին յանձնուեցան գաղթի հոսանքի մը ու հեռացան Մարտինէն, այժմ շատ փոքր թիւ կը կազմեն Թուրքիոյ մէջ: Անոնք կը գանգատին, թէ իրենց մայրենի լեզուն անհետանալու վրայ է։ Այս լեզուն կը գործածուի 5500 տարիէ ի վեր, բայց այսօր այդ լեզուն գիտցողներու թիւը մտահոգիչ կերպով նուազած է։ Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Պէյօղլուի Ասորիներու Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայիտ Սուսին ցաւով յայտնեց, թէ համայնքի առաջնորդ մը ըլլալով հանդերձ՝ ինք ասորերէն չի գիտեր։ «Պէտք է արտօնուի, որ գոնէ նախակրթարանի մէջ մեր զաւակներուն ասորերէն սորվեցնենք», ըսաւ ան: Ասորիները նման իրաւունք չունին, որովհետեւ փոքրամասնութիւն չեն նկատուիր Թուրքիոյ մէջ։
Ասորերէնը վտագնուած է
•
Վերջին Յաւելումներ
- Վանի պատգամավորը մեջլիսում բարձրացրել է Վարագավանքի ավիրման հարցը
- Հրատարակուել է արժէքաւոր ուսումնասիրութիւն՝ նուիրուած այժմեան Թուրքիայի տարածքում նախքան 1915 թուականը գործած հայկական վարժարանների պատմութեանը
- Թուրք նախարարը սոցցանցերում գրառում է կատարել ՀՀ աշխատանքի և սոցիալական հարցերի նախարարի հետ հանդիպման մասին
Leave a Reply