ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տասնամեակ մը առաջ ո՛չ մէկը համարձակութիւն կրնար ունենալ յայտնելու, թէ Քենան Էվրենի գլխաւորութեամբ իրականացած Սեպտեմբեր 12ի զինուորական հարուածին բոլոր ծածուկ կողմերը օրակարգի պիտի բերուէին օր մը եւ Էվրենն ու իր գործընկերները թուրք ժողովուրդին հաշիւ պիտի տային՝ այդ յեղաշրջումին համար։
Հիմա, սակայն, մէկ կողմէ հաշիւ ներկայացնելու կը հրաւիրուի Էվրենը, իսկ միւս կողմէ առատ մելան կը հոսի այդ շրջանին կատարուած ապօրինի կարգադրութիւններուն մասին։ Ասոնցմէ մէկն է քրտական հարցին կապուած այն փաստը, թէ Թուրքիոյ այդ շրջանի ղեկավարները բացարձակապէս չեն ուզած ընդունիլ, որ քիւրտ ժողովուրդ մը կար երկիրին մէջ, եւ այդ պատճառով՝ զանազան տեսութիւններ յառաջ քշած են: Կը յիշուի այն պնդումը, թէ քիւրտ ժողովուրդը պարզապէս լեռնային թուրք ժողովուրդն է, որ քիւրտ կոչուած էր, որովհետեւ «քարթ-քուրթ» ձայնը կը հանէր լերան ձիւներուն վրայ քալելու ընթացքին։
«Ռատիքալ»ի մէջ, Էօմեր Շահին այս նիւթին մասին հետաքրքրական զրոյց մը արձանագրած է յայտնի դասախօս ու մտաւորական փրոֆ. Տողու Էրկիլի հետ, որ կը պնդէ, թէ այս տեսութիւնը դրամի փոխարէն գրել տրուեցաւ կարգ մը ակադեմականներու, որոնք յօժարեցան իրականացնել զինուորական իշխանութիւններուն ապսպրանքը։
Էրկիլ կ՛աւելցնէ, թէ իրեն եւս առաջարկուած է այդ մէկը, բայց ինք մերժած է։ Ըստ անոր՝ մեծ գումարներ վճարուած են այդ դասախօսներուն, եւ ժողովուրդին վճարած տուրքերը այսպիսի ապօրէն նպատակներու համար գործածուած են։ Էրկիլ նաեւ կը յայտնէ, թէ զինուորականները այդ շրջանին շատ սխալած են, երբ կարծած են, թէ այս կերպով պիտի կարենան խեղդել քրտական հարցը։
Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու մասին պնդումները վարձկաններ գրած են
•
Leave a Reply